alt­Թուր­քիոյ ար­դա­րա­դա­տու­թեան նա­խա­րար ­Պե­քիր ­Պոզ­տաղ յայտ­նեց, որ Ուր­բաթ օր տե­ղի ու­նե­ցած յե­ղաշր­ջու­մի ձա­խո­ղած փոր­ձի հար­ցով ձեր­բա­կա­լո­ւած են շուրջ 6000 ան­ձեր` նշե­լով, թէ կը նա­խա­տե­սո­ւի, որ այդ թի­ւը բարձ­րա­նայ: ­Ձեր­բա­կա­լո­ւած­նե­րու շար­քին

են բարձ­րաս­տի­ճան զի­նո­ւո­րա­կան­ներ, ինչ­պէս` Ին­ճիր­լի­քի ռազ­մա­կա­յա­նի հրա­մա­նա­տա­րը, Էր­տո­ղա­նի զի­նո­ւո­րա­կան հար­ցե­րու խորհր­դա­կա­նը եւ ա­նոր եր­կու թիկ­նա­պահ­նե­րը: Ե­րէկ ա­րեւմ­տեան ­Տե­նիզ­լի նա­հան­գին մէջ ձեր­բա­կա­լո­ւե­ցան 50 բարձ­րաս­տի­ճան զի­նո­ւոր­ներ: ­Ձեր­բա­կա­լո­ւած են նաեւ 2700 դա­տա­ւոր­ներ:

­Ձեր­բա­կա­լո­ւած է 3րդ ­բա­նա­կի հրա­մա­նա­տար զօր. Էր­տալ Էօզ­թուրք, 2րդ ­բա­նա­կի հրա­մա­նա­տար զօր. Ա­տեմ ­Հու­տու­թի, սպա­յա­կոյ­տի նախ­կին պետ, Ա­քըն Էօզ­թուրք, ­Տե­նիզ­լիի զօ­րա­նո­ցի հրա­մա­նա­տար զօր. Էօզ­հան Էօզ­պա­քիր: ­Պոզ­տաղ ձեր­բա­կա­լու­թիւ­նը նկա­տեց «մաք­րա­գործ­ման գոր­ծո­ղու­թիւն» մը:

8 թուրք զի­նո­ւոր­ներ, ո­րոնք փա­խուստ տո­ւած էին ­Յու­նաս­տան եւ քա­ղա­քա­կան ա­պաս­տա­նի դի­մում կա­տա­րած, յու­նա­կան դա­տա­րա­նի մը կող­մէ կը դա­տո­ւին` ա­պօ­րի­նի կեր­պով եր­կիր մուտք գոր­ծած ըլ­լա­լու յան­ցան­քով: ­Զա­նոնք փո­խադ­րած ուղ­ղա­թի­ռը վե­րա­դար­ձուած է ­Թուր­քիոյ: Ա­նոնց փաս­տա­բա­նը յու­նա­կան պատ­կե­րաս­փիւ­ռի կա­յա­նի մը յայտ­նեց, որ ա­նոնք չեն մաս­նակ­ցած յե­ղաշր­ջու­մին, սա­կայն ­Յու­նաս­տան ա­պաս­տա­նած են, երբ թրքա­կան ոս­տի­կա­նու­թիւ­նը ա­նոնց վրայ կրակ բա­ցած է: ­Թուր­քիա ա­նոնց ար­տա­յանձ­նու­մը կը պա­հան­ջէ: ­Թուր­քիոյ նա­խա­գահ ­Ռե­ճեփ ­Թա­յիփ Էր­տո­ղան յայտ­նեց, որ յե­ղաշր­ջու­մին ե­տին կանգ­նող­նե­րը սուղ գին պի­տի վճա­րեն: Ան յե­ղաշր­ջու­մը նկա­տեց «Աս­տուծ­մէ պար­գեւ մը… ո­րով­հե­տեւ ա­սի­կա պատ­ճառ պի­տի ըլ­լայ մեր բա­նա­կը մաք­րա­գոր­ծե­լու»:

Ե­րէկ, յե­ղաշր­ջու­մի զո­հե­րու յու­ղար­կա­ւո­րու­թեան ըն­թաց­քին, Էր­տո­ղան իր ար­տա­սա­նած խօս­քին մէջ թուրք ժո­ղո­վուր­դին կոչ ուղ­ղեց` ամ­բողջ շա­բաթ մը չհե­ռա­նա­լու փո­ղո­ցէն: Ն­շենք, որ ­Թուր­քիոյ նա­խա­գա­հա­կան պա­լա­տը Շա­բաթ օր յայտ­նած էր.- «­Յե­ղաշր­ջու­մի մէկ այլ փորձ մը կրնայ կա­տա­րո­ւիլ, ուս­տի պէտք է փո­ղո­ցը պա­հենք վե­րահս­կո­ղու­թեան տակ»:
Էր­տո­ղան իս­լամ քա­րո­զիչ ­Ֆեթ­հուլ­լա ­Կիւ­լե­նի շար­ժու­մը ամ­բաս­տա­նեց յե­ղաշր­ջու­մին ե­տին կանգ­նե­լու յան­ցան­քով եւ նշեց.- «Ար­դա­րա­դա­տու­թեան եւ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւն­նե­րուն ճամ­բով նա­մակ­ներ յղե­ցինք` պա­հան­ջե­լով ար­տա­յանձ­նել այդ մարդն ու ա­նոր հե­տե­ւորդ­նե­րը, եւ կը յու­սամ, որ այս հար­ցը ու­շադ­րու­թեան ար­ժա­նա­նայ: ­Յե­ղաշր­ջում կա­տա­րած այս ան­ձե­րը դժբախ­տա­բար պար­զա­պէս ­Ֆեթ­հուլ­լա ­Կիւ­լե­նի կազ­մա­կեր­պու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ են, եւ մենք զա­նոնք պի­տի հե­տապն­դենք»:

Ն­շենք, որ ­Թուր­քիոյ խորհր­դա­րա­նը Շա­բաթ օր ար­տա­կարգ նիստ մը գու­մա­րեց: ­Թուր­քիոյ վար­չա­պետ ­Պի­նա­լի Եըլ­տը­րըմ նիս­տի ըն­թաց­քին խօսք մը ար­տա­սա­նե­լով յայտ­նեց, որ յե­ղաշր­ջու­մի փոր­ձը ձա­խո­ղած է: Ան շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց ժո­ղո­վուր­դին եւ նշեց, որ բա­նա­կի սպա­յա­կոյ­տի պե­տը ա­զա­տագ­րո­ւած է եւ վերս­տանձ­նած իր պաշ­տօ­նը:
­Թուր­քիոյ ընդ­դի­մա­դիր ­Հան­րա­պե­տա­կան ժո­ղո­վուր­դի կու­սակ­ցու­թեան ղե­կա­վար ­Քե­մալ ­Քը­լըճ­տա­րօղ­լու ժո­ղո­վուր­դին կոչ ուղ­ղեց` յե­ղաշր­ջու­մի փոր­ձին դէմ հա­մախմ­բո­ւե­լու:
­Թուր­քիոյ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւ­նը կը հա­ղոր­դէ, որ յե­ղաշր­ջու­մի փոր­ձին պատ­ճա­ռով ար­ձա­նագ­րո­ւած է 300 զոհ, ո­րոնց­մէ 190 քա­ղա­քա­ցի: ­Վի­րա­ւոր­նե­րուն թի­ւը 1400 է: