Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Անկելա Մերքելին յայտնած է, թէ գերմանացի պատգամաւորներուն թոյլ կու տայ այցելելու Թուրքիոյ Ինճիրլիքի ռազմակայանը, եթէ Գերմանիոյ կառավարութիւնը յայտարարէ, որ համաձայն չէ խորհրդարանին կողմէ
ընդունուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւին,- կը հաղորդէ News.am:
Թրքական Diken թերթի փոխանցմամբ` Ինճիրլիքի ռազմակայան գերմանացի պատգամաւորներու այցը արգիլելը նոր լարուածութիւն յառաջացուցած է թուրք-գերմանական յարաբերութեանց մէջ:
Թուրքիոյ Ա.Գ. նախարարը փորձած է իրավիճակի լարուածութիւնը թուլացնել` յայտարարելով, թէ գերմանացի զինուորական պատուիրակութիւնները կրնան այցելել Ինճիրլիքի ռազմակայան, սակայն քաղաքացիական անձերու այցելութիւնը նպատակայարմար չէ:
Այս յայտարարութիւնը զայրացուցած է գերմանացի պատգամաւորներուն ու Գերմանիոյ պաշտպանութեան նախարարին: Վերջինս յայտարարած է, թէ իրենք անպայման պիտի երթան Ինճիրլիք եւ հանդիպին գերմանացի զինուորականներու հետ:
Կը նշուի, որ լարուածութիւնը սկսած է ՆԱԹՕի համաժողովի ծիրէն ներս Մերքել-Էրտողան հանդիպման ժամանակ, երբ Էրտողան յայտարարած է, թէ թոյլ կու տայ գերմանացի պատգամաւորներուն այցելելու Ինճիրլիքի ռազմակայանը, եթէ Գերմանիոյ կառավարութիւնը յայտարարէ, թէ համաձայն չէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող Պունտեսթակի ընդունած բանաձեւին հետ: Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել մերժել է Էրտողանին` ըսելով, որ Պունտեսթակի որոշման դէմ կառավարութիւնը յայտարարութիւն պիտի չընէ: