Անոնք ԼՂՀ-ն Կը Համարեն Անկախ Պետութիւն եւ զբօսաշրջական ծրագիրներ կ'առաջարկեն իրենց յաճախորդներուն
Ատրպէյճանի ԱԳՆի «Սեւ ցուցակ»ի մէջ յայտնուելու վտանգի տակ են Betravel (Պելճիգա), Gigatour (Գերմանիա) եւ Oceanides (Ֆրանսա) զբօսաշրջութեան ընկերութիւնները:
Ինչպէս կը հաղորդէ ատրպէյճանական 1news.az կայքը, Ատրպէյճանի ԱԳՆ պաշտօնական ներկայացուցիչ Էլման Ապտուլաեւ ըսած է, որ ԱԳՆ այժմ Ֆրանսայի, Պելճիգայի եւ Գերմանիայի մէջ գտնուող իր դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու միջոցով կը փորձէ պարզել, թէ արդեօք ճիշդ է այն տեղեկութիւնը, որ վերոյիշեալ ընկերութիւնները Լեռնային Ղարաբաղ այցելութիւնը ներառած են իրենց 2012ի շրջապտոյտ-ծրագիրներու մէջ: «Եթէ այդ մէկը հաստատուի, ապա ատրպէյճանական կողմը համապատասխան միջոցներու պիտի ձեռնարկէ»,ըսած է Ապտուլաեւ:
Նշենք, որ վերոյիշեալ ընկերութիւնները, իրենց կայքերու միջոցով շրջագայութիւններ կÿառաջարկեն (2012ի Սեպտեմբեր 15-27ը իյնկած ժամանակահատուածին) դէպի Հայաստան եւ Լեռնային Ղարաբաղ: Այս մէկը յառաջացուացած է ատրպէյճանցիներու զայրոյթը։ Անոնց համար անընդունելի է նաեւ ԼՂՀ-ն իբրեւ անկախ պետութիւն ներկայացնելը...