­altՊոլ­սոյ «Ա­րաս» հրա­տա­րակ­չու­թիւ­նը շու­տով լոյս պի­տի ըն­ծա­յէ Ան­թո­ւան տէ ­Սենթ-էկ­զիւ­փե­րիի «­Փոք­րիկ իշ­խա­նը» ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն եւ համ­շէ­նա­հա­յե­րէն թարգ­մա­նու­թիւն­նե­րը:

 

Akunq.netի փո­խանց­մամբ` «­Փոք­րիկ իշ­խան»ի ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն թարգ­մա­նու­թիւ­նը կա­տա­րած է եր­կար տա­րի­ներ ­Պոլ­սոյ ­Հա­յոց ­Պատ­րիար­քա­րա­նի մամ­լոյ խօս­նա­կը ե­ղած ­Լո­ւիզ ­Պա­քար, իսկ հա­յոց լե­զո­ւի ­Համ­շէ­նի բար­բա­ռով թարգ­մա­նու­թիւ­նը` «­Գոր» ամ­սագ­րի խմբա­գիր­նե­րէն համ­շէ­նա­հայ ­Մա­հիր Օզ­քան, ո­րուն «­Համ­շէ­նեան պատ­մո­ւած­ներ» գիր­քը եւս տպագ­րո­ւած էր «Ա­րաս»ի կող­մէ:

«­Փոք­րիկ իշ­խան»ի համ­շէ­նա­հա­յե­րէն տար­բե­րա­կը կը հրա­տա­րա­կո­ւի լա­տի­նա­կան այ­բու­բե­նով: ­Մա­յիս 18ին տպա­րան յանձ­նո­ւած սոյն ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը ­Յու­նիս ամ­սո­ւայ ա­ռա­ջին շա­բա­թո­ւայ մէջ ար­դէն հա­սա­նե­լի պի­տի ըլ­լան ըն­թեր­ցող­նե­րուն: