altԹր­քա­կան «­Պիա­նեթ» կայ­քին հետ զրոյ­ցի ըն­թաց­քին, քրտա­մէտ ­Ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ­Ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան ­Կու­սակ­ցու­թեան հայ ե­րես­փո­խան ­Կա­րօ ­Փայ­լան յայ­տա­րա­րած է, որ ­Թուր­քիոյ խորհր­դա­րա­նին մէջ ­Սահ­մա­նադ­րա­կան ­Յանձ­նա­խում­բի նիս­տի

ըն­թաց­քին իր դէմ գոր­ծո­ւած յար­ձա­կու­մը առն­չո­ւած էր իր հայ ըլ­լա­լուն հետ:

­Փայ­լան պատ­մած է, որ իր դէմ յար­ձա­կու­մը նա­խօ­րօք ծրագ­րո­ւած ե­ղած է:
«­Յանձ­նա­խում­բի ան­դամ Ար­դա­րու­թիւն եւ ­Բար­գա­ւա­ճում ­Կու­սակ­ցու­թեան ե­րես­փո­խա­նը պնդեց, որ նա­խորդ նիս­տի ժա­մա­նակ ­Ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ­Ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան ­Կու­սակ­ցու­թեան ան­դամ­նե­րը յար­ձա­կում գոր­ծած են, իսկ ես ըն­դա­մէ­նը ա­ռար­կե­ցի ա­նոր ը­սա­ծին, ու յար­ձա­կու­մը սկսաւ: Ակն­յայտ է, որ ես էի ա­նոնց թի­րա­խը: 20-30 վայր­կեա­նի մէջ ստա­ցայ շուրջ 100 հա­րո­ւած, որ­մէ ետք ալ ին­ծի ուղ­ղե­ցին ցե­ղա­պաշ­տա­կան եւ ա­տե­լու­թիւն պա­րու­նա­կող կո­չեր»,- պատ­մած է ­Փայ­լան:

«Այս դէպ­քէն ետք կրնաք ը­սել, որ խնդի­րը հայ ըլ­լալս էր: Ո­րով­հե­տեւ այն­տեղ հնչած ա­տե­լու­թեան խօս­քե­րը ուղ­ղա­կիօ­րէն ինք­նու­թեանս դէմ էին: Ա­նոնք չեն կր­նար հան­դուր­ժել, որ ինք­նու­թեամբ հայ մէ­կը կը բա­ցա­յայ­տէ ի­րենց սու­տերն ու հպարտ կը կանգ­նի ա­նոնց դի­մաց: Ա­նոնք կ­՚ու­զեն տես­նել յու­սա­խաբ հայ մը:

Իբ­րեւ ի­րա­ւուն­քի հա­մար պայ­քա­րող հայ՝ ուղ­ղա­կիօ­րէն դար­ձած եմ ա­նոնց թի­րա­խը եւ են­թար­կո­ւած յար­ձա­կու­մի: «­Կա­րոն այս­տեղ է, ­Կա­րոն այս­տեղ է…» ա­նոնց բա­ցա­գան­չու­թիւն­նե­րը ցոյց կու տան, որ յար­ձա­կու­մը նա­խօ­րօք ծրագ­րո­ւած էր: Ա­նոնք ծրագ­րած են հե­տե­ւեա­լը.- «Ա­ռա­ջին իսկ ա­ռի­թի պա­րա­գա­յին ա­նոնց ծուն­կի պի­տի բե­րենք եւ ի­րենց տե­ղը ցոյց տանք»: «­Կա­րոն այս­տեղ է» կան­չե­րը ար­դէն ա­մէն ինչ յստակ կը դարձ­նեն»,- յայ­տա­րա­րած է ­Փայ­լան: «Ա­մէն ինչ տե­սագ­րու­թեան մէջ յստակ կ­՚ե­րե­ւի: ­Դատ պի­տի չբա­նամ, ո­րով­հե­տեւ դրա­կան բան չեմ սպա­սեր: ­Տե­ղի ու­նե­ցա­ծը կը ձգեմ հա­սա­րա­կու­թեան խղճին»,- ը­սած է ­Փայ­լան:

Ն­շենք, թէ ­Կա­րօ ­Փայ­լան հրա­պա­րա­կած է հա­ղոր­դագ­րու­թիւն մը, ո­րուն մէջ անդ­րա­դար­ձած է դէպ­քին ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րուն եւ դա­տա­պար­տած է խօս­քի ա­զա­տու­թեան դէմ տա­րո­ւած աշ­խա­տան­քը՝ ֆի­զի­քա­կան յար­ձա­կում­նե­րը ­Ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ­Ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան ­Կու­սակ­ցու­թեան ե­րես­փո­խան­նե­րուն եւ իր ան­ձին նկատ­մամբ: ­Կա­րօ ­Փայ­լան ուղ­ղա­կիօ­րէն նշած է, որ իր դէմ յար­ձա­կու­մը ե­ղած է իր հայ­կա­կան ինք­նու­թեան հա­մար:

Թուր­քիոյ խորհր­դա­րա­նին մէջ քիւր­տե­րը ե­րես­փո­խա­նա­կան ան­ձեռնմ­խե­լիու­թե­նէն զրկե­լու օ­րի­նա­գի­ծի քննար­կում­նե­րուն ժա­մա­նակ իշ­խող կու­սակ­ցու­թեան ե­րես­փո­խան­նե­րը 3 օր շա­րու­նակ յար­ձա­կում գոր­ծած են քիւրտ ե­րես­փո­խան­նե­րու դէմ: Իսկ 3 ­Մա­յի­սին իշ­խող կու­սակ­ցու­թեան ան­դամ­նե­րուն գլխա­ւոր թի­րա­խը ե­ղած է ­Կա­րօ ­Փայ­լա­նը: