Ատրպէյճանի մէջ ապշած են Ապրիլի սկիզբը Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան դէմ ատրպէյճանական զինուած ուժերու սանձազերծած ռազմական յարձակման առաջին իսկ օրը 100է աւելի զինծառայողներու կորուստի մասին համացանցի վրայ յայտնուած տո
ւեալներով, զորս Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը մինչ այժմ կը շարունակէ թաքցնել ատրպէյճանական հանրութենէն:
Համացանցի վրայ յայտնուած է Ատրպէյճանի հանրածանօթ երգահան, հասարակական գործիչ Ճաւանշիր Կուլիեւի հետ ատրպէյճանցի լրագրող Էմին Ահմետպէյովի հարցազրոյցը, որուն ընթացքին անոնք զարմանքով խօսած են, թէ Լ.Ղ.Հ. բանակի շարքային զինուորները յաջողած են յարձակման առաջին իսկ օրը ոչնչացնել հանրապետութեան տարածք ներխուժելու փորձ կատարած ատրպէյճանական բանակի այդչափ յատուկ ջոկատայիններ: Զրուցակիցները նաեւ նշած են, թէ Ատրպէյճան եղած է առաջին յարձակողը Լ.Ղ.Հ.ի վրայ:
Ատրպէյճանական ձայնասփիւռի եթերով՝ Էմին Ահմետպէյովի դիտարկման, որ Ատրպէյճանի 100 բարձրակարգ եւ արհեստավարժ յատուկ ջոկատայիններ ոչնչացուած եւ 500է աւելի զինծառայողներ վիրաւորուած են ռազմական գործողութիւններու առաջին օրերուն, Ճաւանշիր Կուլիեւ տարակուսանք յայտնած է, թէ «իսկ ինչո՞ւ սկսան եւ ինչո՞ւ կանգ առին»: «Այդ հարցը ամբողջ ժամանակ գլխուս մէջ է, յետոյ` ռազմական գործողութիւններու 1,5 օրուան ընթացքին մօտ 100 ջոկատայիններ, ի դէպ, անոնք շարքային զինծառայողներ չէին, այլ յատուկ նշանակութեան զօրքերու պատրաստուած տղաներ: Համացանցի վրայ արդէն կը յայտնուին անոնց լուսանկարները:
Անոնք բոլորն ալ ամրակազմ, հասուն տղաներ են: Եւ անոնցմէ 100ը սպաննուած է: Այդ օրերուն այնտեղ այդ ի՞նչ պատերազմ տեղի ունեցած է, որ մենք կորսնցուցինք այդ 100 լաւ պատրաստուած զինուորները»,- հարց տուած է Կուլիեւ, եւ ինքն ալ պատասխանած.- «Անոնք մեր բանակի ընտրեալ զինուորականներն էին»: «Կը մտածեմ` ի՞նչ շահեցանք ու ի՞նչ կորսնցուցինք այդ պատերազմին»,- ըսած է ան: Bellingcat վերլուծական խումբը կը յայտնէ, որ իր «զգոյշ գնահատականներով»` Ապրիլի 1-5 Ատրպէյճանի կորուստը նուազագոյնը 400 զինծառայող է: