altԱպ­րիլ 19ին սկսաւ Հ­րանդ ­Տին­քի սպա­նու­թեան դա­տա­վա­րու­թեան նոր շրջա­նը, ո­րու ըն­թաց­քին պի­տի դա­տո­ւին 34 պե­տա­կան պաշ­տօ­նեա­ներ, ո­րոնց­մէ ութն ար­դէն իսկ ձեր­բա­կա­լեալ վի­ճա­կի մէջ։ ­Պոլ­սոյ «­Մար­մա­րա» օ­րա­թեր­թը կը հա­ղոր­դէ, թէ ե­ռօ­րեայ

դա­տա­կան նիս­տի ըն­թաց­քին ու­շագ­րաւ էին ձեր­բա­կա­լեալ վի­ճա­կի մէջ դատուող Տ­րա­պի­զո­նէն գաղտ­նի ոս­տի­կան ­Մու­հիտ­տին ­Զե­նի­թի ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րը։ Ան ը­սաւ, որ ինք 15 ա­մի­սէ ի վեր բան­տար­կո­ւած է, հա­կա­ռակ ա­նոր որ ի՛նք տե­ղե­կագ­րած էր, թէ Հ­րանդ ­Տինք պի­տի սպան­նո­ւի։

«Հ­րանդ ­Տին­քը այս երկ­րին մէջ քա­ղա­քա­կան պատ­ճառ­նե­րով սպան­նո­ւած բազ­մա­թիւ մար­դոց­մէ մէկն է, բայց զինք զա­տող յատ­կա­նի­շը այն է, որ պե­տու­թիւ­նը սպա­նու­թե­նէն 11 ա­միս ա­ռաջ ար­դէն ար­ձա­նագ­րած էր, թէ ան պի­տի սպան­նուի»,- ը­սաւ ­Զե­նիթ։ «­Մէ­կը կրակ մը վա­ռեց, ա­մէն մարդ վա­ռե­լա­նիւթ թա­փեց կրա­կին վրայ, մա­նա­ւանդ՝ մա­մու­լը։ Ես Հ­րանդ ­Տին­քի ա­նու­նը ա­ռա­ջին ան­գամ (ոս­տի­կա­նու­թեան գոր­ծա­կալ) Էր­հան ­Թուն­ճե­լէն լսե­ցի։

Ես ին­չո՞ւ կը մե­ղադ­րո­ւիմ ­Տին­քի սպա­նու­թեան պատ­ճառ դար­ձած ըլ­լա­լու յան­ցան­քով»,- ը­սաւ ­Զե­նիթ եւ ա­ւել­ցուց, որ Հ­րանդ ­Տինք այս երկ­րին մէջ պա­տո­ւա­կան մար­դոց­մէ մէկն էր, իսկ ինք ձեր­բա­կա­լո­ւե­ցաւ պար­զա­պէս ա­նոր հա­մար, որ ա­տե­նին տե­ղե­կագ­րած էր, թէ Հ­րանդ ­Տինք պի­տի սպան­նո­ւի։
Ան իր խօս­քե­րուն վեր­ջա­ւո­րու­թեան ը­սաւ, որ բուն յան­ցա­ւոր­նե­րը կ­՚ան­տե­սո­ւին։ «Որ­պէս պե­տու­թիւն՝ մէ­կու մը սպա­նու­թեան դի­մաց աչք գո­ցե­ցինք. բայց իմ խիղճս հան­գիստ է. ես պար­տա­կա­նու­թիւնս կա­տա­րե­ցի»,- եզր­կա­ցուց ան։

­Նիս­տի ըն­թաց­քին կարգ մը ամ­բաս­տա­նեալ­ներ ու­զե­ցին փո­խել դա­տա­ւոր­նե­րը, բայց դա­տա­րա­նը չըն­դու­նեց ա­նոնց պա­հան­ջը։ Ամ­բաս­տա­նեալ­նե­րը մեր­ժե­ցին ի­րենց վե­րագ­րո­ւած մե­ղադ­րան­քը եւ ը­սին, որ ի­րենք պար­զա­պէս ի­րենց պար­տա­կա­նու­թիւ­նը կա­տա­րած են։

­Դա­տա­վա­րու­թեան ըն­թաց­քին դա­տա­րա­նէն դուրս ցոյց կ­՚ը­նէին Հ­րանդ ­Տին­քի ըն­կեր­նե­րը, ո­րոնց­մէ մէկն ալ ե­րես­փո­խան ­Կա­րօ ­Փայ­լանն էր։ Ան ը­սաւ, թէ կ­՚ու­զէ, որ հա­շիւ տան բո­լոր ա­նոնք, ո­րոնք մատ ու­նե­ցած են այս դա­ւադ­րա­կան սպա­նու­թեան մէջ։
­Ցու­ցա­րար­նե­րը դար­ձեալ կը կրէին «­Բո­լորս հայ ենք» գրու­թեամբ վեր­տա­ռու­թիւն­ներ։

Ն­շենք, որ դա­տաքն­նու­թեան ըն­թաց­քին ի­րեն նկատ­մամբ ցու­ցա­բե­րո­ւած վե­րա­բեր­մուն­քին դէմ իբ­րեւ բո­ղո­քի՝ ­Տին­քի ըն­տա­նի­քը ո­րոշ ժա­մա­նա­կէ մը ի վեր չի մաս­նակ­ցիր դա­տա­կան նիս­տե­րուն: