ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանի խորհրդարանի անդամ Սահիպ Ալիեւ, ատրպէյճանական «ՍալամՆիուզ» լրատուական կայքին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, որ Ատրպէյճան Ար-ցախի դէմ պատերազմ սկսելու համար միջազգային յարմար պայմաններու ձեւաւորման կը սպասէ։

Ընդգծելով, որ Ատըրպէյճան կրնայ «առանց Թուրքիոյ բանակի աջակցութեան, ջախջախել հայկական բանակը»՝ երեսփոխանը նշած է, որ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ միջեւ գոյութիւն ունի բոլոր բնագաւառները ընդգրկող երկարատեւ ռազմական համագործակցութիւն։
«Առայժմ Ատրպէյճան կը փորձէ հակամարտութիւնը կարգաւորել խաղաղ ճանապարհով. ամէն պարագայի, եթէ թշնամիին կորուստները 5-6 անգամ աւելի ըլլան, միեւնոյնն է, պատերազմ՝ կը նշանակէ  կորուստներ։ Հիմա, եթէ պատերազմ սկսի, այնքան կարեւոր չէ՝ Թուրքիա Ատրպէյճանի պիտի աջակցի՞, թէ ոչ։ Ատիկա կարեւոր էր 2000ական թուականներուն։ Իսկ հիմա Ատրպէյճան ընդունակ է հայերը բռնագրաւուած տարածքներէն դուրս շպրտելու», ըսած է Սահիպ Ալիեւ:
«ՄԱԿի համապատասխան յօդուածին մէջ կը նշուի, որ բռնագրաւումի ենթարկուած երկիրը կրնայ իր հողերը որեւէ միջոցով ազատագրել»:
Նշենք, թէ ներքին սպառման համար օգտագործուող յաճախակի այս ելոյթները՝ Ատրպէյճանի պաշ-տօնատար անձերուն կողմէ միշտ ալ կրկնուած են: