Քրտամէտ HDP կուսակցութեան համանախագահ Սէլահատտին Տէմիրթաշ, արցախեան վերջին դէպքերէն ետք, արտայայտուելով հարցին մասին՝ ըսած է, թէ Ատրպէյճան պէտք է հրաժարի Ղարաբաղէն, յիշեցնելով որ ան ինքնավար շրջան է: Այս դիրքորոշումը բնականաբար բուռն զայրոյթ պատճառած է թուրքերուն, որոնք
կ՚ըսեն, թէ Տէմիրթաշ թուրքերու նկատմամբ թշնամական նոր արտայայտութիւն մը եւս աւելցուց:
Տէմիրթաշ այսքանով ալ չէ գոհացած, Թուրքիան ամբաստանած է Ատրպէյճանը գրգռելու յանցանքով: «Հարցը պէտք է լուծուի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ եւ ոչ թէ պատերազմով, այլ սեղանի շուրջ»,- ըսած է ան՝ աւելցնելով, որ հակառակ պարագային այդ տագնապը յանկարծ երկրէ երկիր ջարդերու դուռ կրնայ բանալ: Տէմիրթաշ իր կուսակցութեան կազմակերպած հանրահաւաքին ունեցած իր ելոյթին ալ յայտարարած է, թէ Անատոլիոյ մէջ թուրքերէն առաջ՝ հայերը եւ քիւրտերը կ՚ապրէին:
Քիւրտ ղեկավարը ըսած է, որ 1071ին, երբ Ալփարսլան Մալազկիրթ (Մանազկերտ) մուտք գործեց, Արտահանէն Սիւլէյմանիյէ, Վանէն Պոթան՝ քիւրտեր կը բնակէին: «Երբ Ալփարսլան կ՚ուզէր մտնել Անատոլիա, այդ հողերուն վրայ հայեր կը բնակէին։ Քիւրտերը ինքնավար էին։ Ալփարսլան օգնութեան կանչեց Մերուանիները։ Քրտական Մերուանի պետութիւնը իր 10 հազար ասպետները օգնութեան ղրկեց։
Այդպէս է, որ թուրքերը Անատոլիա մտան։ Անատոլիա մտնելու ժամանակ Ալփարսլան չէր կրնար ըսել՝ «Քիւրտ չկայ, քրտերէն չկայ»։ Արդէն այդտեղերը Քիւրտիստան էր։ Կ՚ըսեն, թէ հազարամեայ հասարակաց պատմութիւն ունինք։ Եղբա՛յր, ատոր 900 տարիներուն՝ մենք քիւրտ էինք։ Վերջին հարիւրամեակին ջանացիք մեզ թրքացնել...»,- յայտարարած է քիւրտ պարագլուխը: