Վեց անձանց նկատմամբ Պետական դաւաճանութեան մեղադրանքով յարուցուած քրէական դատաքննութիւնը նշանակուած է այսօր Դեկտեմբեր 5ի համար:

Հայաստանի մէջ ատրպէյճանական լրտեսական սոյն ցանցը բացայայտուած էր Յուլիսին, երբ հայ-վրացական սահմանը անցնելու ընթացքին, Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան աշխատակիցները ձերբակալած էին Հայաստանի քաղաքացի, երեւանաբնակ Կարէն Մեհրաբեանը:
Հայրենիքի դաւաճանութեան յանցանքով կը մեղադրուի եւս հինգ հոգի: Այսօր, մեղադրեալի աթոռին պիտի յայտնուին անոնցմէ երեքը՝ Կարէն Մեհրաբեանը, Ռոման Մաթեւոսեանը, Աշոտ Չտրկեանը: Անոնք Թուրքիոյ մէջ յայտնուած են Ատրպէյճանի հետախուզական ծառայութիւններու տեսադաշտին մէջ, եւ անոնցմէ ստացած են համագործակցելու առաջարկ՝ համապատասխան վարձատրութեան դիմաց:
Մեհրաբեան ձերբակալուած էր անցած ամրան՝ Երեւանէն Պոլիս մեկնող հանրակառքի մը մէջ, հայ-վրացական սահմանը հատելու պահուն: Աւելի ուշ, Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան աշխատակիցները ձերբակալած էին միւս երկուքը:
Իսկ քրէական սոյն գործին մէջ ընդգրկուած միւս երեք անձերը կը մեղադրուին յանցագործութեան մասին տեղեակ ըլլալու եւ չյայտնելու յանցանքով: Գործի նախաքննութեամբ պարզուած է, որ մեղադրուող նշեալ եռեակը, վարձատրութեան մը դիմաց պարտաւոր էր տեղեկութիւններ հայթայթել Արցախի բանակին՝ զէնք ու զինամթերքին, զօրամասերուն, հրամանատարական կազմին, պաշտպանական շրջաններուն, ճարտարագիտական կառոյցներուն, սարքերուն եւ անոնց թիւն մասին: