Ատրպէյճանի գլխաւոր ընդդիմադիր Ժողովրդական Ճակատ կուսակցութեան ղեկավար Ալի Քերիմլի, ղարաբաղեան ճակատին վրայ վերջին օրե
րու ատրպէյճանական բանակի ձախողած զինուորական գործողութիւններուն համար, քննադատած է Ատրպէյճանի քաղաքական եւ զինուորական ղեկավարութիւնը:
Ատրպէյճանական «Ազատլիք» լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ Քերիմլի Դիմատետրի իր էջին վրայ յիշեցուցած է Ատրպէյճանի բարձրագոյն ղեկավարութեան կողմէ Լեռնային Ղարաբաղը «վերագրաւելու» մասին ամէն օր յորջորջուող՝ «եթէ պէտք ըլլայ, Ղարաբաղը կը գրաւենք» արտայայտութիւնը, եւ հարց տուած անոնց.- «է՜, ինչո՞ւ չկրցաք գրաւել»:
Ան գրած է.- «Եթէ կը խօսիք բանակի բարձր պատրաստուածութեան, անկախ կրօնական, ցեղային տարբերութիւններէ, հասարակութեան միասնականութեան, աշխարհի, դրացի երկիրներու, յատկապէս Թուրքիոյ բարձր մակարդակի աջակցութեան, հակառակորդին դժուար վիճակի եւ խուճապի մէջ ըլլալուն մասին, ապա ինչո՞ւ չկրցաք կատարել ձեր «եթէ պէտք ըլլան»:
Կը խնդրեմ, այլեւս «եթէ պէտք ըլլայ» տեսակի յայտարարութիւններ մի՛ կատարէք, ատիկա լուրջի պիտի չառնուի»: