Ատրպէյճանի մօտ ԱՄՆ դեսպան Մաթիու Պրայզան յայտարարեց, որ ԱՄՆ նախագահ Պարաք Օպամա երկրորդ անգամ ըլլալով Սենատի վաւերացման ներկայացուցած է դեսպանի պաշտօնի վրայ իր թեկնածութիւնը:
Յիշեցնենք, որ ԱՄՆի սահմանադրութեան համաձայն, Պարաք Օպամաի անձնական միջամտութեամբ հաստատուած էր Պրայզայի պաշտօնը, օգտուելով Գոնկրէսի նստաշրջանի արձակուրդէն: Այժմ պէտք է այդ նշանակումը հաստատուի Ծերակոյտին կողմէ: