Ատրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքուի միջազգային օդակայանին մէջ, Մարտ 30ին, ոստիկանութեան կողմէ հսկողութեան տակ առնուեցաւ այլախոհ գրագէտ Էքրեմ Այլիշլի, որ իր աւագ որդւոյն՝ Իլիասի ուղեկցութեամբ, պիտի մեկնէր Վենետիկ, միջազգային գրական փառատօնի մը մասնակցելու համար։
Երկրի ներքին գործոց նախարարութիւնը ծիծաղելի մեկնաբանութիւն մը ըրած է այս մասին՝ յայտարարելով, թէ Այլիշլիի մեկնումը արգիլուած է, քանի որ ան «վիճաբանութիւն ունեցած է անցագրային ծառայութեան աշխատակիցներուն հետ»։
Ատրպէյճանական «Թուրան» գործակալութիւնը կը գրէ, թէ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները կը շարունակեն վրէժխնդիր ըլլալ երկրին եւ արտասահմանի մէջ յայտնի 78ամեայ այս վիպասանին հանդէպ, այն բանին համար, որ 2011ին ան հրատարակած է երեք վէպերէ բաղկացած «Վիթխարի Խցանում» եռապատումը, որուն մէջ ան կը մերկացնէ Ատրպէյճանէն ներս խորհրդային ու ներկայ քաղաքական բարքերը։
Այլիշլի տակաւին այդ տարիներուն, որպէս գրող-կանխատես, փորձած է ազդանշան տալ այն մասին, թէ Ատրպէյճանի մէջ բռնատիրական համակարգը դէպի փակուղի կ՛առաջնորդէ երկիրը։ Եռապատումը կը ներառնէ երեք վէպեր՝ «Եմին», «Վիթխարի Խցանում» եւ «Քարէ Երազներ»։
Գրագէտին դէմ բացայայտ հալածանքներ սկսած են այն բանէն ետք, երբ 2012ի Դեկտեմբերին, «Տրուժպա Նարոտով» ամսագիրը հրատարակեց անոր «Քարէ Երազներ» վէպը։
Այս վէպին մէջ, Այլիշլի ականատեսներու աչքերով հանգամանալից կերպով նկարագրած է Նախիջեւանի Ագուլիս գիւղին մէջ անցեալ դարասկիզբին՝ 1919ին, ինչպէս նաեւ 1988-1990ականներուն Սումգայիթի ու Պաքուի մէջ իրագործուած հայկական ջարդերը։ Վէպի հրապարակումէն երկու տարի ետք, Ատրպէյճանի իշխանութիւնները Այլիշլիի դէմ զանգուածային հալածանքի լծուեցան, ընտանիքը անգործ մնաց, եւ հեղինակէն խլուեցան իր պետական կոչումներն ու մրցանակները։