Պոլսոյ «Ակօս» շաբաթաթերթը կը տեղեկացնէ, թէ Ույկար Կիւլթեքի հաղորդման համաձայն՝ Թուրքիոյ կառավարութիւնը, 25 Մարտին տուած մէկ որոշումով, պետականացուցած է Տիգրանակերտի Սուր թաղամասին մէջ գտնուող 6300 կառոյցներ
եւ տարածքներ, որոնց շարքին նաեւ` Ս. Կիրակոս եկեղեցին: Պետականացուած կալուածներու շարքին են նաեւ ասորական, քաղդէական եւ բողոքական եկեղեցիներ:
Ս. Կիրակոս եկեղեցին տարիներ շարունակ ձգուած էր բախտի քմահաճոյքին: Վերջին տարիներուն, մեծ ջանքերու շնորհիւ վերանորոգուած ու վերաբացուած էր հայկական այս սրբատեղին: «Ակօս»ի թղթակիցը կապ հաստատած է Տիգրանակերտի քաղաքապետարանի մշակութային ժառանգութեան գրասենեակի նախագահ Նեւին Սոյլուքայանի հետ, որ իր կարգին յայտնած է, թէ Սուրի մէջ գտնուող բոլոր եկեղեցիներուն եւ հիմնադրամներուն պատկանող տարածքներուն պետականացման որոշումը տրուած է արդէն:
Այդ կալուածներու ցանկին մէջ կը գտնուին քաղաքապետարանին պատկանող ունեցուածքներ, որոնց համար քաղաքապետարանը որոշած է դատի տալ կառավարութիւնը:
Սոյլուքայան նաեւ յայտնած է, թէ անհրաժեշտ է, որ սեփականատէրերը նոյնպէ՛ս դատական գործընթացի սկսին: Թուրքիոյ մէջ հիմնադրամներուն առնչուող օրէնսդրական փոփոխութիւններէն ետք, Պոլիս բնակող տիգրանակերտցիները վերստեղծած էին Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ հիմնադրամը եւ սկսած վերականգնումի աշխատանքները: Եկեղեցին վերականգնած էր տարբեր երկիրներէ ստացուած օգնութեանց շնորհիւ: Վերականգնումի աշխատանքներուն համար շուրջ 2 միլիոն թրքական լիրա ծախսուած է: