altԹուր­քիոյ կա­ռա­վա­րու­թեան գլխա­ւոր ընդ­դի­մա­դիր՝ Հան­րա­պե­տա­կան- Ժո­ղովըր­դա­յին Կու­սակ­ցու­թեան պատ­գա­մա­ւոր Կա­յէ Ուս­լու, Մարտ 22ին Պ­րիւք­սէ­լի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած ա­հա­բեկ­չա­կան յար­ձա­կում­նե­րուն գծով, մե­ղադ­րած է Թուր­քիոյ նա­խա­գահ Ռե­չեփ Թա­յիփ Էր­տո­ղա­նը:

Վ­կա­յա­կո­չե­լով թրքա­կան իշ­խա­նա­մէտ «­Սա­պահ» թեր­թը՝ Ermenihaber.am կը գրէ, թէ Ուս­լու նշած է, որ Էր­տո­ղան քա­նի մը օր ա­ռաջ ա­հա­բեկ­չու­թեամբ սպառ­նա­ցած է Պել­ճի­քա­յին եւ ի­րա­գոր­ծած է իր սպառ­նա­լի­քը: Ուս­լու «­Թո­ւի­թըր»ի վրայ գրած է.- «­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հը դեռ եր­կու օր ա­ռաջ չէ՞ր, որ սպառ­նաց Պ­րիւք­սէ­լին՝ ը­սե­լով, թէ ա­հա­բեկ­չու­թիւ­նը ձե­զի ալ պի­տի հաս­նի»:

Ն­շենք, թէ ա­հա­բեկ­չա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րէն ետք փա­կո­ւած են Թուր­քիոյ մօտ Պել­ճի­քա­յի դի­ւա­նա­գի­տա­կան ներ­կա­յա­ցուց­չու­թիւն­նե­րը: «Ե­նի Շա­ֆաք» թեր­թի կայ­քը գրած է, թէ ի­րենց աշ­խա­տանք­նե­րը դադ­րե­ցու­ցած են նախ Պոլ­սոյ հիւ­պա­տո­սա­րա­նը, ա­պա նաեւ՝ Ան­գա­րա­յի մէջ գոր­ծող Պել­ճի­քա­յի դես­պա­նա­տու­նը: