altԹուր­քիոյ զբօ­սաշր­ջու­թիւ­նը մեծ կո­րուստ­ներ կը կրէ ­Ռու­սիոյ հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն մէջ առ­կայ ճգնա­ժա­մի եւ պար­բե­րա­բար կրկնո­

ւող ա­հա­բեկ­չա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու հե­տե­ւան­քով: Panorama.amի փո­խանց­մամբ` այս մա­սին կը գրէ «Wall Street Journal» պար­բե­րա­կա­նը: ­Պար­բե­րա­կա­նը կը նշէ, որ 2001-2014 թո­ւա­կան­նե­րու ըն­թաց­քին զբօ­սաշր­ջու­թեան ո­լոր­տին մէջ ­Թուր­քիոյ ե­կա­մուտ­նե­րը ե­ռա­պատ­կո­ւե­ցան` հաս­նե­լով 34,3 մի­լիառ տո­լա­րի:

Այս ո­լոր­տին մէջ կ­՛աշ­խա­տէր շուրջ 1 մի­լիոն մարդ, որ կը կազ­մէ երկ­րի աշ­խա­տու­նակ բնակ­չու­թեան շուրջ 7 տո­կո­սը: Ըստ «Wall Street Journal»ի` ի­րա­վի­ճա­կը կտրուկ փո­խո­ւե­ցաւ, երբ թրքա­կան օ­դու­ժը խո­ցեց ռու­սա­կան Су-24 ռմբա­կո­ծի­չը, որ­մէ ետք ­Մոս­կուան տնտե­սա­կան պատ­ժա­մի­ջոց­ներ սահ­մա­նեց ­Թուր­քիոյ նկատ­մամբ: ­Բա­ցի ատ­կէ, ըստ պար­բե­րա­կա­նին, ո­լոր­տի վրայ ի­րենց բա­ցա­սա­կան ազ­դե­ցու­թիւ­նը ձգե­ցին նաեւ պար­բե­րա­բար կրկնո­ւող ա­հա­բեկ­չա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը:

Այս ա­ռու­մով` «Wall Street Journal»ը կը մէջ­բե­րէ, աշ­խար­հի մէջ խո­շո­րա­գոյն «TUI Group» զբօ­սաշր­ջա­յին գոր­ծար­կո­ւի եւ գեր­մա­նա­կան զբօ­սաշր­ջու­թեան ըն­կե­րա­ցու­թեան տուեալ­նե­րը, ըստ ո­րոնց ­Թուր­քիա նա­խա­տե­սո­ւած այ­ցե­լու­թիւն­նե­րը 2015ի հա­մե­մա­տու­թեամբ նո­ւա­զած են 40 տո­կո­սով, իսկ հա­րիւ­րա­ւոր հիւ­րա­նոց­ներ վա­ճառ­քի հա­նո­ւած են: