«­Նոր ­Յա­ռաջ».- Ֆ­րան­սա­կան «Telerama» շա­բա­թա­թեր­թին իր տո­ւած հար­ցազ­րոյ­ցին մէջ, ­Թուր­քիոյ խորհր­դա­րա­նի քրտա­մէտ ­Ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ­Ժո­ղովր­դա­վար ­Կու­սակ­ցու­թեան (HDP) կու­սակ­ցու­թեան ե­րես­փո­խան ­Կա­րօ ­Փայ­լան զգա­յա­ցունց հաս­տա­տում­ներ կա­տա­րած է:

Զ­րոյ­ցը վա­րած լրագ­րող Օ­լի­վիէ ­Փաս­քալ-­Մուս­լար նախ նշած է, թէ գաղ­թա­կան­նե­րու տագ­նա­պին գծով ­Թուր­քիան անշր­ջան­ցե­լի դար­ձած է Եւ­րո­պա­յի հա­մար. բայց ար­դեօք վեր­ջինս լաւ կշռա՞ծ է հա­ւա­նա­կան հե­տե­ւանք­նե­րը այն «դա­շինք»ին, զոր կ­՛ու­զէ կնքել բռնա­կալ, սադ­րող, հա­լա­ծախ­տէ տա­ռա­պող նա­խա­գահ Էր­տո­ղա­նի հետ: Ն­կա­րագ­րե­լով Էր­տո­ղա­նը՝ ­Փայ­լան մէկ առ մէկ թո­ւած է ա­նոր տա­րի­նե­րու վրայ եր­կա­րող յատ­կան­շա­կան բո­լոր դէպ­քե­րը, դիր­քո­րո­շում­նե­րը, ռազ­մա­վա­րու­թիւն­

նե­րը, ո­րոնք հաս­ցու­ցած են թրքա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն կող­մէ քիւր­տե­րուն նկատ­մամբ ներ­կա­յի ան­սանձ հա­լա­ծան­քին։

«­Լա­րու­մը ան­դա­դար կը սաստ­կա­նայ ­Թուր­քիոյ մէջ: Ի՞նչ է ա­նոր ծան­րակշ­ռու­թեան աս­տի­ճա­նը» հար­ցու­մին, ­Փայ­լան տո­ւած է հե­տե­ւեալ պա­տաս­խա­նը.- «­Հա­րիւր տա­րի ա­ռաջ, լիրբ եւ պա­տե­հա­պաշտ կա­ռա­վա­րու­թիւն մը՝ Ե­րիտ­թուր­քե­րու կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը, նա­խընտ­րեց ազ­գա­յին փոք­րա­մաս­նու­թեան մը վե­րագ­րել ­Թուր­քիոյ բո­լոր հար­ցե­րը, նե­րա­ռեալ՝ հա­մաշ­խար­հա­յին թա­տե­րա­բե­մին վրայ իր նո­ւաս­տա­ցու­մը: Ա­տի­կա վերջ գտաւ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեամբ:

Այ­սօր քիւր­տե­րը ե­րէ­կո­ւան հա­յերն են: ­Կը սպան­նո­ւին ընդ­հա­նուր ան­տար­բե­րու­թեամբ: Ի տար­բե­րու­թիւն հա­յե­րուն՝ ա­նոնք զի­նո­ւած են եւ կազ­մա­կեր­պո­ւած: ­Բայց Էր­տո­ղան թի­րախ ա­ռած է նաեւ խա­ղաղ բնա­կիչ­նե­րը, նե­րա­ռեալ՝ կի­նե­րը եւ ե­րե­խա­նե­րը: Իսկ Եւ­րո­պա կը լռէ՝ սար­սա­փած այն գա­ղա­փա­րէն, որ Էր­տո­ղան յան­կարծ թոյլ կու տայ ­Յու­նաս­տան անց­նիլ այն ե­րեք մի­լիոն սու­րիա­ցի­նե­րուն, զորս ըն­դու­նած է: Այդ յան­ցա­ւոր լռու­թիւ­նը, սա­կայն, ո­չին­չով պի­տի պաշտ­պա­նէ Եւ­րո­պան: Ե­թէ դէպ­քե­րը գէշ ըն­թացք ստա­նան, ա­պա այս ան­գամ հա­րիւր հա­զա­րա­ւոր քիւր­տեր պի­տի բա­խեն իր դու­ռը»:

«­Նոյն բե­մագ­րու­թի՞ւ­նը կը կրկնո­ւի մեր աչ­քին առ­ջեւ» հար­ցու­մին պա­տաս­խա­նե­լով՝ ­Փայ­լան նախ խստօ­րէն դա­տա­պար­տած է ­Թուր­քիոյ վա­րած սու­րիա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը՝ ընդգ­ծե­լով, որ Ան­գա­րա կ­՛ու­զէ հե­ռա­վար կեր­պով ղե­կա­վա­րել այդ եր­կի­րը, ա­ջակ­ցե­լով իս­լա­մա­պաշտ խմբակ­ցու­թիւն­նե­րու, ինչ­պէս՝ «­Նուս­րա»ին: «­Բայց ա­տի­կա ա­պո՛ւշ բան է: ­Սու­րիա կրնայ ղե­կա­վարուիլ միա՛յն բազ­մամ­շա­կու­թա­յին հիմք ու­նե­ցող վար­չա­ձե­ւով»,- ը­սած է ­Փայ­լան եւ շա­րու­նա­կած.- «Ու­րիշ սխալ մը՝ Քր­տա­կան հար­ցը: ­Քա­նի մը տա­րի ա­ռաջ ձեռ­նար­կո­ւած էր խա­ղա­ղու­թեան գոր­ծըն­թա­ցի մը, ո­րուն ինք՝ Էր­տո­ղան անձ­նա­պէս ա­ջակ­ցած էր:

­Բայց այն­պէս, ինչ­պէս 1914-15ին, եր­կի­րի ղե­կա­վար­նե­րը սկսան հա­կա­մար­տե­լու փոք­րա­մաս­նու­թեանց դէմ՝ հրա­պա­րա­կաւ զա­նոնք ամ­բաս­տա­նե­լով որ­պէս թուրք ազ­գի դա­ւա­ճան­նե­րու. ներ­կա­յիս եւս, կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը եր­կի­րի բո­լոր հար­ցե­րու պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը կը բար­դէ քիւր­տե­րու կռնա­կին: ­Քա­նի որ թուր­քե­րը չեն յա­ջո­ղիր «կար­դալ» ի­րա­վի­ճա­կը, քա­ւու­թեան նո­խազ մը փնտռե­ցին, ու ներ­կա­յիս ա­նոր վրայ է, որ կը յար­ձա­կին բրտօ­րէն: Այս ա­մէ­նը թե­րեւս քա­ղա­քա­ցիա­կան մեծ պա­տե­րազ­մի մը սկիզ­բը ա­հա­զան­գէ… ­Հա­յե­րը հրա­ցան չու­նէին եւ կազ­մա­կեր­պո­ւած ալ չէին, իսկ քիւր­տե­րու պա­րա­գան ճի՛շդ հա­կա­ռակն է»:

«Ինչ­պէ՞ս դուրս ել­լել այս վտան­գա­ւոր ա­նե­լէն» հար­ցու­մին, ­Փայ­լան տո­ւած է հե­տե­ւեալ պա­տաս­խա­նը.- «Ան­կէ դուրս ել­լե­լու միակ մի­ջո­ցը քիւր­տե­րուն հետ խա­ղա­ղու­թեան գոր­ծըն­թացն էր: ­Սա­կայն Էր­տո­ղան, որ պա­տե­հա­պաշտ մըն է, իշ­խա­նու­թեան գլուխ մնա­լու հա­մար ձեւ մը գտաւ, շրջեց այդ գոր­ծըն­թա­ցը եւ ընտ­րեց պա­տե­րազ­մը: ­Բայց ձայն մը ին­ծի կ­՛ը­սէ, թէ ան կը գտնո­ւի իր քա­ղա­քա­կան աս­պա­րէ­զի վեր­ջին փու­լին, շրջա­նին ա­ւար­տէն ա­ռաջ իսկ»:

­Հայ ե­րես­փո­խա­նը, պա­տաս­խա­նե­լով յա­ջորդ հար­ցու­մին, թէ «ինչ­պի­սի՞ դեր կրնան խա­ղալ գեր-պե­տու­թիւն­նե­րը», ը­սած է, որ թէ՛ ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­ներ, թէ՛ ­Ռու­սիա եւ թէ Եւ­րո­պա քաջ կը գի­տակ­ցին, թէ ­Թուր­քիա կը զօ­րակ­ցի «­Նուս­րա»ին, ա­պա ա­ւել­ցու­ցած է, թէ ինք մաս կը կազ­մէ եր­կի­րի ա­մա­վար­կը ու­սում­նա­սի­րող խորհր­դա­րա­նա­կան­նե­րու խում­բին եւ որ­պէս այդ­պի­սին՝ ան­ձամբ հաս­տա­տած է, թէ այդ պիւտ­ճէէն ո­րոշ տո­ղեր յստակ ոչ մէկ յատ­կա­ցու­մի կը հա­մա­պա­տաս­խա­նեն: «­Խօսքս մի­լիառ­նե­րու մա­սին է»,- շեշ­տած է ան եւ ը­սած.- «Վս­տահ եմ, որ այդ գու­մար­նե­րը գոր­ծա­ծո­ւե­ցան Իս­լա­մա­կան ­Պե­տու­թեան նման խմբակ­ցու­թիւն­նե­րու օ­ժան­դա­կու­թեան նպա­տա­կին հա­մար»:

Ա­մա­վար­կը ու­սում­նա­սի­րող խում­բը բա­ցատ­րու­թիւն­ներ պա­հան­ջած է այդ առ­թիւ, բայց ա­պար­դիւն ե­ղած է դի­մու­մը: «Եւ­րո­պա չի կրնար շա­րու­նա­կել օգ­նել կա­ռա­վա­րու­թեան մը, որ նման վարք որ­դեգ­րած է»,- ը­սած է ­Փայ­լան: «­Խօսքս եւ­րո­պա­ցի­նե­րուն կ­՛ուղ­ղեմ. ե­թէ շա­րու­նա­կէ՛ք ձեր ա­ջակ­ցու­թիւ­նը Էր­տո­ղա­նին, ա­պա օր մը պի­տի տես­նէք, որ մի­լիո­նա­ւոր գաղ­թա­կան­ներ պի­տի վա­զեն դէ­պի ձեր սահ­ման­նե­րը, ո­րով­հե­տեւ ի՛նչ ալ ըլ­լայ ի­րեն հետ ստո­րագ­րե­լիք ձեր հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը, Էր­տո­ղան չի՛ կրնար եւ չ­՛ու­զեր իս­կա­պէս կա­սեց­նել քիւր­տե­րուն եւ սու­րիա­ցի­նե­րուն միւս կողմ անց­քը:

Այդ ա­մէ­նը, ինչ կ­՛ը­նէ Էր­տո­ղան, հա­կոտ­նեայ է ձեր ար­ժէք­նե­րուն, եւ իր ո­րո­շում­նե­րը պի­տի դառ­նան հետզ­հե­տէ ա­ւե­լի՛ խօլ»,- եզ­րա­կա­ցու­ցած է ան:
Ա­պա՝ տա­լով քիւր­տե­րուն վե­րա­բե­րեալ խա­ղա­ղու­թեան գոր­ծըն­թա­ցին մա­սին իր կար­ծի­քը, ­Փայ­լան յո­ռե­տե­սու­թիւն յայտ­նած է՝ հաս­տա­տե­լով, թէ եր­կու կող­մե­րէն ալ կան ար­մա­տա­կան դիր­քո­րո­շում­նե­րու տէր տար­րեր, ո­րոնք ոչ մէկ հա­ւատք կ­՛ըն­ծա­յեն խա­ղա­ղու­թեան կա­րե­լիու­թեան: Ան ը­սած է, թէ ի­րենք՝ որ­պէս ­Ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ­Ժո­ղովր­դա­վար ­Կու­սակ­ցու­թիւն, փոր­ձած են տար­հա­մո­զել քրտա­կան կող­մի ար­մա­տա­կան­նե­րը՝ բա­ցատ­րե­լով, որ հա­ւա­նա­կան պա­տե­րազմ մը հա­րիւր հա­զա­րա­ւոր կեան­քեր պի­տի խլէ, բայց այդ ջան­քե­րը ա­պար­դիւն ե­ղած են:

­Ներ­կա­յիս, եր­կու կող­մե­րը, ընդ­հա­կա­ռակն, բո­լո­րո­վին բե­ւե­ռա­կա­նա­ցած վի­ճակ կը պար­զեն: «Երբ կ­՛ար­տա­սա­նեմ խա­ղա­ղու­թիւն բա­ռը, եր­կու կող­մե­րէն ալ կը հայ­հո­յեն ին­ծի… Ա­մէն ինչ իր սկզբնա­կան կէ­տին՝ զե­րո­յի վե­րա­դար­ձած է: ­Չէք կրնար ե­րե­ւա­կա­յել, թէ որ­քա՛ն դժո­ւար գործ է ա­մէն ինչ զե­րո­յէն վերսկ­սի­լը: ­Մենք չենք կրնար յա­ջո­ղիլ ա­ռանց մի­ջազ­գա­յին ա­ջակ­ցու­թեան: Ա. Աշ­խար­հա­մար­տի ըն­թաց­քին, Ա.Մ.Ն. եւ Անգ­լիա աչք փա­կե­ցին ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան նկատ­մամբ: Ար­դեօք հի­մա՞ ալ նոյ­նը պի­տի ը­նեն քիւր­տե­րու ջար­դե­րուն հան­դէպ»,- յայտ­նած է ան:

Ա­պա՝ պա­տաս­խա­նե­լով «­Կե­զի»ի շար­ժու­մի ծի­րէն ներս թուրք ե­րի­տա­սար­դու­թեան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մէջ ներգ­րաւ­ման մա­սին հար­ցու­մի մը, ­Փայ­լան ը­սած է, թէ այ­սօր, այդ շար­ժու­մէն շուրջ ե­րեք տա­րի ետք, ան­կա­րե­լի է ե­րի­տա­սարդ­նե­րու այդ զան­գո­ւա­ծը վե­րա­դարձ­նել քա­ղա­քա­կա­նու­թեան, ո­րով­հե­տեւ՝ «այդ ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը քիւր­տե­րու հան­դէպ վախ մը ու­նի, ո­րով­հե­տեւ ամ­բողջ ե­րեք սե­րունդ ա­նոնց կրկնո­ւե­ցաւ, թէ քիւր­տե­րը ­Թուր­քիոյ դա­ւա­ճան­ներ են… Ա­նոր մէ՛ջ է, որ կը կա­յա­նայ Էր­տո­ղա­նի ու­ժը… ան իր շուրջ կը հա­մախմ­բէ ոչ միայն պահ­պա­նո­ղա­կան կրօ­նա­մէտ­նե­րը, այ­լեւ՝ ազ­գայ­նա­մոլ­նե­րը»:

«­Տա­կա­ւին կա­րե­լի՞ է բա­նակ­ցիլ Էր­տո­ղա­նի հետ» հար­ցու­մին, ­Փայ­լան պա­տաս­խա­նած է, թէ այ­լեւս ո՛չ մէ­կը ազ­դե­ցու­թիւն կրնայ ու­նե­նալ ա­նոր վրայ՝ նշե­լով, թէ խորհր­դա­րա­նին մէջ իր կու­սա­կից շուրջ 250 ե­րես­փո­խան­նե­րէն այ­լեւս ոչ մէ­կը կը յա­ջո­ղի տե­սակ­ցիլ Էր­տո­ղա­նի հետ: «­Նոյ­նիսկ ե­թէ այդ կա­րե­լիու­թիւ­նը ու­նե­նա­յին, ա­մէն պա­րա­գա­յի, ո՛չ մէ­կը կրնայ քննա­դա­տել ա­նոր ո­րո­շում­նե­րը: Այ­լեւս միայն դի­ւա­նա­կա­լու­թիւ­նը, զի­նո­ւո­րա­կան­նե­րը եւ լրա­հա­ւաք ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րը մնա­ցած են: Այդ պատ­ճա­ռով է, որ բա­ցի քա­ղա­քա­ցիա­կան պա­տե­րազ­մէն՝ այլ լու­ծում չեմ տես­ներ»,- ը­սած է ­Փայ­լան:

Ա­ւար­տին, լրագ­րո­ղը անդ­րա­դար­ձած է ­Թուր­քիոյ մէջ մամ­լոյ եւ լրագ­րող­նե­րուն դէմ ի գործ դրո­ւող ճնշում­նե­րուն եւ հարց տո­ւած է ­Փայ­լա­նին, թէ ար­դեօք ինք եւս ֆի­զի­քա­պէս սպառ­նա­լի­քի են­թա­կա՞յ է: ­Փայ­լա­նի պա­տաս­խա­նը ե­ղած է հե­տե­ւեա­լը.- «Ան­ցեալ օ­րը, նա­խա­րար մը զիս սաս­տե­լով ը­սաւ.- «Այ­սօր դեռ հան­գիստ կրնաք պտը­տիլ փո­ղոց­նե­րը: ­Բայց վա­ղո­ւը­նէ իսկ, ա­մէն ինչ կրնայ փո­խո­ւիլ»: Իսկ ես ի­րեն պա­տաս­խա­նե­ցի, թէ ինք իր հրա­մա­նին տակ հա­րիւ­րա­ւոր ոս­տի­կան­ներ ու­նի եւ կրնայ զիս սպան­նել տալ: ­Բայց ե­թէ ժո­ղո­վուր­դին ընտ­րած ան­ձը պի­տի չկա­րե­նայ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան մա­սին խօ­սիլ եւ ա­ռա­ւել եւս՝ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւն պա­հան­ջել իր երկ­րին մէջ, ա­պա ո՞վ պի­տի ը­նէ այդ մէ­կը։