Թրքական «Տեմոքրաթհապեր» կայքը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ մարդկային իրաւանց կազմակերպութիւնը հայերուն վիրաւորելու հիմնաւորումով Պոլսոյ Չաղլայան արդարադատութեան պալատ դատական հայց ներկայացուցած է` Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլուի եւ Աշքալէի քաղաքապետ Էնվեր Պաշարանի դէմ:
Տաւութօղլու 27 Փետրուարին Բիւրակնի մէջ իր արտասանած խօսքի ընթացքին քննադատած էր քրտամէտ Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութիւնը` մեղադրելով զայն «հայկական հրոսակախումբերուն նման ռուսերուն հետ համագործակցելու» մէջ: Աւելի ուշ, 3 Մարտին վարչապետին խօսքերը Աշքալէի մէջ կազմակերպուած խորհրդաժողովին ընթացքին կրկնած էր Պաշարանը` շնորհակալութիւն յայտնելով «փառապանծ նախնիներուն, որոնք այս հողերէն մաքրած, նետած են հայերը»:
Պոլսոյ Չաղլայան արդարադատութեան պալատին մօտ հաւաքուած իրաւապաշտպանները, նախքան հայցը ներկայացնելը, յայտարարութիւն կատարած են` ընդգծելով, որ ամիսներ շարունակ երկրին քրտաբնակ շրջաններուն մէջ թրքական բանակին կողմէ կատարուող գործողութիւնները կը զուգորդուին հայերուն դէմ ցեղապաշտական քայլերով: Օրինակ, վճարուած հարկերէն գոյացած գումարով գնուած զրահամեքենաները կը շրջին փողոցները եւ կը յայտարարեն. «Բոլորդ հայ էք, բոլորդ հայ վիժուածքներ էք»:
«Հայերուն դէմ ցեղասպանութիւն գործուած է, անոնց հարստութիւնը բռնագրաւուած է, հայերու եւ միւս քրիստոնեայ ժողովուրդներու մշակութային ժառանգութիւնը համակարգուած կերպով ոչնչացուած է: Կարծես այս ամէնը բաւական չէ, հանրապետութեան ամբողջ պատմութեան ընթացքին եւ նոյնիսկ այսօր մնացած բուռ մը հայերը ստորացնելու, անոնց կեանքը սպառնալիքի ենթարկելու նպատակով կը կատարուի կարելի ամէն բան:
Այս ամէնը պատմութեան գիրկը անցած է եւ պիտի շարունակէ անցնիլ` իբրեւ մարդկութեան դէմ յանցագործութեան: Գալիք սերունդներն ալ ձեզ ատով պիտի յիշեն: Խտրականութիւնը թրքական պետութեան նոյնիսկ բարձրագոյն մակարդակին վրայ կը շարունակէ կատարուիլ ու խրախուսուիլ: Սակայն կան նաեւ այնպիսիներ, որոնք մինչեւ վերջ իրենց ձայնը պիտի բարձրացնեն ընդդէմ այս յանցագործութեան»,- նշած են իրաւապաշտպան կազմակերպութեան անդամները: