altԹր­քա­կան ոս­տի­կա­նու­թիւ­նը ­Շա­բաթ օր դար­ձեալ ար­ցուն­քա­բեր կազ օգ­տա­գոր­ծած է՝ ցրո­ւե­լու հա­մար «­Զա­ման» օ­րա­թեր­թի խմբագ­րա­տան առ­ջեւ հա­ւա­քո­ւած ցու­ցա­րար­նե­րը, ո­րոնք կը բո­ղո­քէին ա­պա­հո­վա­կան ու­ժե­րուն կող­մէ խմբագ­րա­տան գրաւ­ման

դէմ:

Ոս­տի­կա­նու­թիւ­նը ար­ցուն­քա­բեր կազ եւ ջրա­շիթ մե­քե­նա­ներ օգ­տա­գոր­ծած է` ցրո­ւե­լու հա­մար ­Թուր­քիոյ նա­խա­գահ ­Ռե­ճեփ ­Թա­յիփ Էր­տո­ղա­նի ընդ­դի­մա­խօս օ­րա­թեր­թի խմբագ­րա­տան առ­ջեւ հա­ւա­քո­ւած ցու­ցա­րար­նե­րը:
Թր­քա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն այդ քայ­լը ար­ժա­նա­ցաւ Ա­րեւ­մուտ­քի քննա­դա­տու­թեան: Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թիւ­նը Ան­գա­րա­յին կոչ ուղ­ղեց յար­գե­լու խօս­քի ա­զա­տու­թիւ­նը:

­Միու­թիւ­նը ­Թուր­քիոյ հետ իր վե­հա­ժո­ղո­վէն եր­կու օր ա­ռաջ հրա­պա­րա­կած իր հա­ղոր­դագ­րու­թեան մէջ նշեց, որ ­Թուր­քիան` իբ­րեւ Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան ան­դա­մակ­ցու­թեան թեկ­նա­ծու եր­կի­րի, պէտք է յար­գէ ժո­ղովրդա­վա­րու­թեան կա­նոն­ներն ու գոր­ծե­լաո­ճը, ո­րոնց շար­քին` լրա­տո­ւա­մի­ջոց­նե­րու ա­զա­տու­թիւ­նը: Ն­շենք, որ Պ­րիւք­սէ­լի մէջ նա­խա­տե­սո­ւած վե­հա­ժո­ղո­վը յատ­կա­ցո­ւած է գաղ­թա­կան­նե­րու ճգնա­ժա­մին:

­Գեր­մա­նիոյ ե­լեւ­մուտ­քի նա­խա­րար ­Վոլֆ­կանկ ­Շոյպ­լէ «­Պի.­Պի.­Սի.»ի հետ հար­ցազ­րոյ­ցի մը ըն­թաց­քին յայտ­նեց, որ ­Գեր­մա­նիոյ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը լուրջ կաս­կած­ներ ու­նի ­Թուր­քիոյ Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան հա­ւա­նա­կան ան­դա­մակ­ցու­թեան շուրջ: «Քն­նար­կու­մը շատ եր­կար պի­տի տե­ւէ, այժմ այդ մա­սին չ­՛ար­ժեր մտա­հո­գո­ւիլ»,- ը­սաւ ան:

­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նախա­րա­րու­թեան բան­բեր ­Ճոն ­Քըր­պի մտա­հոգիչ նկա­տեց լրա­տո­ւա­մի­ջոց­նե­րուն նկատմամբ թրքա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն վեր­ջին միջո­ցա­ռում­նե­րը: «­Մենք տե­ղեակ ենք թրքական «­Զաման» օ­րա­թեր­թին մէջ տե­ղի ու­նե­ցող ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րէն:

­Կա­տա­րո­ւա­ծը թրքական կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ զինք քննա­դա­տող լրատո­ւամի­ջոց­նե­րը թի­րախ դարձ­նող մտա­հո­գիչ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու շար­քին վեր­ջին դէպ­քե­րէն է: ­Մենք կը յոր­դո­րենք ­Թուր­քիոյ կա­ռա­վա­րու­թեան՝ յար­գանք ցու­ցա­բե­րե­լու ի­րա­ւուն­քի եւ օ­րէն­քի նկատ­մամբ: ­Ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան հա­սա­րա­կու­թեան մէջ քննա­դա­տա­կան կար­ծիք­նե­րը պէտք է ող­ջունո­ւին, եւ ոչ թէ` լռե­ցո­ւին»,- ը­սաւ ­Քըր­պի: