Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ, ազգային խտրականութիւններու գծով, Մարտ 3ին դարձեալ վէճ մը ծագած է: Քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական Կուսակցութենէն հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան նախ ցուցադրած է շէնքի մը պատին վրայ «հայ փիճեր» գրու
թեան լուսանկարը եւ ըսած.- «Դժբախտաբար, նման արարքներ միայն ապահովութեան ուժերուն գործը չեն: Վարչապետն ալ Պինկէօլի (Բիւրակն) մէջ ըսած էր.- «Համաշխարհային Ա. Պատերազմին, հայ հրոսակախումբերը համագործակցած էին ռուսերու հետ»: Այսօր թէ՛ թուրքերը եւ թէ քիւրտերը Իսլամական Պետութեան կ՛անդամակցին, սակայն եթէ հիմա ըսեմ՝ «թուրք հրոսակախումբեր», այդ մէկը խտրականութիւն պիտի չըլլա՞յ։ Այդպէս կարելի՞ է: Պարոն վարչապետն ալ բացայայտ խտրականութիւն դրսեւորած է»: Թուրքիոյ կուսակցութեան խորհրդարանական խումբի փոխ-նախագահ Նաճի Պոսթանճը հակադարձած է՝ ըսելով, թէ իրականութեան մէջ ազգային ատելութիւն ինք՝ Փայլա՛նն է, որ կը դրսեւորէ։ «Վարչապետը գիրքեր ունի, ելոյթներ ունի եւ անոր խօսքը յստակ է: Անոր կողմէ ոչ մէկ անգամ որեւէ ազգի հանդէպ ատելութեան որեւէ դրսեւորում եղած է»,- պնդած է Պոսթանճը: Իր կարգին, ընդդիմադիր Ազգայնական Շարժում կուսակցութեան խորհրդարանական խումբի փոխ-նախագահ Օքթայ Վուրալ յայտարարած է, թէ Փայլան իրաւունք չունի թուրք ազգը «ոճրագործ» անուանելու: Յիշեցնենք, որ Փայլանի ներկայացուցած լուսանկարը առնուած էր անցած Յունուարին, Շըրնաք նահանգի Սիլոփի շրջանին մէջ, որ երկարատեւ կրակմարի դրութեան դադրեցումէն ետք՝ վերջապէս հասանելի դարձած էր տեղւոյն բնակչութեան։