Մե­թին ­Կուր­ճան al-monitor.com կայ­քին վրայ տե­ղա­կա­յո­ւած իր յօ­դո­ւա­ծին մէջ անդ­րա­դառ­նա­լով 17 Փետ­րո­ւա­րին Ան­գա­րա­յի մէջ 28 զոհ եւ 60 վի­րա­ւոր պատ­ճա­ռած ա­կան­ւած ինք­նա­շար­ժով յար­ձա­կու­մին կը գրէ, որ այդ յար­ձա­կու­մին Ան­գա­րա­յի մէջ ե

­րեք ե­րե­ւոյթ­ներ ե­րե­ւան ե­կան։ Ա­ռա­ջին հեր­թին յար­ձա­կու­մին հա­մար օգ­տա­գոր­ծո­ւե­ցաւ բա­նող ինք­նա­շարժ մը։

Ն­շա­նա­կա­լից էր նաեւ վայ­րը՝ խորհր­դա­րա­նէն 500 մեթր, Ս­պա­յա­կոյ­տի կեդ­րո­նա­տե­ղիէն՝ 300 մեթր, օ­դու­ժի հրա­մա­նա­տա­րու­թեան կեդ­րո­նէն 150 մեթր եւ սպա­նե­րու հան­րա­կա­ցա­րա­նէն 100 մեթր հե­ռա­ւո­րու­թեան վրայ։ Ա­ռա­ջին ան­գամն էր, որ Ս­պա­յա­կոյ­տի գրա­սե­նեակ­նե­րուն, ծո­վու­ժի, օ­դու­ժի եւ ցա­մա­քա­յին ու­ժե­րու հրա­մա­նա­տա­րու­թեան կեդ­րոն­նե­րուն մէջ աշ­խա­տող զին­­ւո­րա­կան­ներ եւ քա­ղա­քա­յին­ներ յար­ձա­կու­մի թի­րախ դար­ձան։ ­Ներ­կա­յիս բո­լո­րը հարց կու տան, ե­թէ այդ­տեղ կա­տա­րո­ւած յար­ձա­կու­մը կրնայ կրկնո­ւիլ ­Պո­լի­սի կամ թրքա­կան այլ մեծ քա­ղաք­նե­րու մէջ։

Թէեւ Ան­գա­րա կը պնդէ, թէ յար­ձա­կու­մը կա­տա­րո­ւած էր ՔԱԿ-ի առն­չա­կից ­Ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան միու­թիւն կու­սակ­ցու­թեան (ԺՄԿ) կող­մէ ՔԱԿ եւ ԺՄԿ հեր­քե­ցին ի­րենց մեղ­սակ­ցու­թիւ­նը։
Ա­նոնք սո­վո­րու­թիւն ու­նին ստանձ­նե­լու ի­րենց կա­տա­րած յար­ձա­կում­նե­րուն պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը։ Թուր­քիոյ վար­չա­պե­տին կող­մէ յար­ձա­կու­մին հե­ղի­նա­կի ինք­նու­թեան ա­րագ բա­ցա­յայ­տու­մը ըն­կե­րա­յին ցան­ցե­րու վրայ քննար­կու­մի մեծ նիւ­թի վե­րա­ծո­ւե­ցաւ։

Ան­գա­րա կը պնդէ, որ յար­ձա­կու­մին ե­տին կը կանգ­նի ԺՄԿ-ն­ եւ թէ այդ մէ­կը ցոյց տո­ւող բա­ւա­րար բաստ գո­յու­թիւն ու­նի։
Բայ­ցե­ւայն­պէս, շա­տեր հարց կու տան, թէ ԺՄԿ-ն, որ հիւ­սի­սա­յին ­Սու­րիոյ մէջ վեր­ջերս նկա­տա­ռե­լի ձեռք­բե­րում­ներ ու­նե­ցաւ եւ ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րուն ու ­Ռու­սիոյ հետ լաւ յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ ու­նի, ինչ­պէս նաեւ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ իր պայ­քա­րին շնոր­հիւ մի­ջազ­գա­յին դրա­կան վարկ ու­նի, ին­չո՞ւ պի­տի կա­տա­րէ գոր­ծո­ղու­թիւն մը, որ իր շա­հե­րուն միայն կը վնա­սէ։ Ո­մանք այդ յար­ձա­կու­մը կը նկա­տեն ՔԱԿ-ի կող­մէ ներշն­ջո­ւած, ԺՄԿ-ի ազ­դե­ցու­թեան տակ գոր­ծո­ւած ըլ­լալ, սա­կայն ոչ ուղ­ղա­կի կեր­պով այդ եր­կու կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն կող­մէ գոր­ծադ­րո­ւած։
Այս վար­կա­ծը մատ­նա­ցոյց կ­՚ը­նէ կա­ցու­թիւն մը, որ պի­տի ան­հանգս­տաց­նէ Ան­գա­րան։

Պէտք է գի­տակ­ցինք, որ այս յար­ձա­կու­մը հա­կա­դար­ձու­թիւն մըն էր հա­րա­ւա­րե­ւե­լեան ­Թուր­քիոյ մէջ ըն­թա­ցող զին­ւո­րա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն եւ Աֆ­րի­նի մէջ ԺՄԿ-ի դիր­քե­րու ռմբա­կոծ­ման։
ՔԱԿ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայ­քա­րէն դա­սեր կը քա­ղէ։ ՔԱԿ-ի լա­ւա­պէս իւ­րա­ցու­ցած գոր­ծե­լաո­ճե­րէն մէ­կը գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն ո­րո­շու­մի որ­դեգր­ման հո­լո­վոյթն է, ուր տե­ղա­կան բջիջ­նե­րուն կ­՚ար­տօ­նո­ւի ի­րենք ի­րենց ծրագ­րու­մը, գոր­ծադ­րու­մը եւ ֆի­նան­սա­ւո­րու­մը կա­տա­րել։ Ինչ որ կը նշա­նա­կէ, թէ մենք մեզ կը գտնենք բջիջ­նե­րու դի­մաց, ո­րոնք ՔԱԿ-ի բարձր հրա­մա­նա­տա­րու­թե­նէն ուղ­ղա­կի հրա­ման­ներ չեն ստա­նար եւ ի­րենց յար­ձա­կում­նե­րը կը ծրագ­րեն, ըստ գետ­նի վրայ զար­գա­ցում­նե­րուն։

Այդ ան­կախ բջիջ­նե­րը այդ­պի­սի ոչ ծախ­սա­լից եւ մե­ծա­պէս ազ­դու գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու ճամ­բով Ան­գա­րա­յի վրայ ճնշում կը բան­բեց­նեն, սա­կայն չեն վտան­գեր ՔԱԿ-ի հետզ­հե­տէ ա­ճող վար­կը։ ­Մինչ այդ՝ Ան­գա­րան ­Սու­րիոյ մէջ մե­կու­սա­ցո­ւած է, հար­ցեր կը դի­մագ­րա­ւէ իր տե­սա­կէտ­նե­րը ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րուն եւ այլ ա­րեւմ­տեան դաշ­նա­կից­նե­րուն ու մի­ջազ­գա­յին հա­սա­րակ­ցու­թեան բա­ցատ­րե­լու մէջ։

Բ­նա­կա­նա­բար, Ան­գա­րա­յի ա­ղար­տո­ւած վար­կը եւ հա­մո­զե­լու կա­րո­ղու­թեան մա­շու­մը նպաս­տա­ւոր է ՔԱԿ-ին։
Գետ­նի վրայ Ան­գա­րա­յի ընտ­րանք­նե­րը սահ­մա­նա­փակ են։ ­Հա­ւա­նա­կան է, որ թրքա­կան հրե­տա­նիի ­Սու­րիոյ մէջ ԺՄԿ-ի դիր­քե­րու ռմբա­կո­ծու­մը ծան­րա­նայ եւ ­Թուր­քիոյ եւ քրտա­կան կու­սակ­ցու­թեան վե­րահս­կո­ղու­թեան տակ գտնո­ւող շրջա­նին մի­ջեւ սահ­մա­նա­յին անց­քի հսկո­ղու­թիւ­նը խստա­ցո­ւի։

Նաեւ հա­ւա­նա­կան է, որ Ան­գա­րա երկ­րին հա­րա­ւա­րե­ւե­լեան շրջա­նին մէջ իր կրած զի­նո­ւո­րա­կան կո­րուստ­նե­րուն պատ­ճա­ռով ա­ւե­լի խիստ մի­ջո­ցա­ռում­ներ որ­դեգ­րէ, սա­կայն ի­րա­կա­նու­թեան մէջ Ան­գա­րան ազ­դու ընտ­րանք­ներ չու­նի։

Պէտք չէ ան­տե­սել բա­րո­յա­կան, յա­րա­նո­ւա­նա­կան, քա­ղա­քա­կան եւ ըն­կե­րատն­տե­սա­կան վի­հե­րը, ո­րոնք պի­տի խո­րա­նան Ան­գա­րա­յի կող­մէ ա­ւե­լի խիստ ա­պա­հո­վա­կան մի­ջո­ցա­ռում­նե­րուն պատ­ճա­ռով։ Իս­կա­կան հար­ցու­մը, որ Ան­գա­րան պէտք է ինք­զին­քին ուղ­ղէ այն է, որ ին­չու Թուր­քիան վե­րա­ծո­ւե­ցաւ եր­կի­րի մը, ուր ա­հա­բեկ­չա­կան ա­րարք­նե­րու գոր­ծադ­րու­մը դար­ձած են շատ դիւ­րին։