altԹուր­քիոյ ընդ­դի­մա­դիր ­Ժո­ղովր­դա­յինՀան­րա­պե­տա­կան ­Կու­սակ­ցու­թեան (CHP) ա­ռաջ­նորդ ­Քե­մալ ­Քը­լըչ­տա­րօղ­լու խիստ քննա­դա­տու­թեան են­թար­կած է նա­խա­գահ ­Ռե­ճեփ ­Թա­յիփ Էր­տո­ղա­նը:

Ըստ News.amի՝ թրքա­կան Nokta պար­բե­րա­կա­նը կը փո­խան­ցէ, որ CHPի ա­ռաջ­նորդ ­Քե­մալ ­Քը­լըչ­տա­րօղ­լու ­Թուր­քիոյ մէջ տի­րող քաո­սին ու ա­րիւ­նա­հե­ղու­թիւն­նե­րուն գլխա­ւոր մե­ղա­ւո­րը հա­մա­րած է նա­խա­գահ ­Ռե­ճեփ ­Թա­յիփ Էր­տո­ղա­նը: «­Դեռ ­Յու­նիս 7ի ընտ­րու­թիւն­նե­րուն, երբ յայտ­նի դար­ձաւ, որ Ար­դա­րու­թիւն եւ ­Բար­գա­ւա­ճում ­Կու­սակ­ցու­թիւ­նը չի կրնար միանձ­նեայ կա­ռա­վա­րու­թիւն կազ­մել, Էր­տո­ղան յայ­տա­րա­րեց, թէ ժո­ղո­վուր­դը ընտ­րեց քաո­սի ու­ղին: Ատ­կէ ետք Էր­տո­ղան նոյն այդ քաո­սին վե­րա­ծեց ­Թուր­քիան: Էր­տո­ղան կը ցան­կայ ժո­ղո­վուր­դի ա­րեան ու ար­ցուն­քին գնով նա­խա­գահ դառ­նալ: ­Դուն նա­խա­գահ չես դառ­նար, դուն պի­տի խեղ­դո­ւիս ժո­ղո­վուր­դի ա­րեան մէջ»,- ը­սած է ­Քե­մալ ­Քը­լըչ­տա­րօղ­լու: