2011 Յունուար-Հոկտեմբերին Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ ապրանքաշրջանառութիւնը կազմած է 1,4 միլիառ տոլար: Այս մասին, ըստ «ՍալամՆիուզ»ի, ըսած է Ատրպէյճանի տնտեսութեան փոխնախարար Սեւինճ Կասանովա:

Կասանովայի խօսքով՝ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ներմուծումը կազմած է 990 միլիոն տոլար, իսկ արտահանումը՝ 400 միլիոն տոլար:
«ՍալամՆիուզ» կը նշէ, որ Թուրքիոյ մէջ, ներկայիս, գործունէութիւն կը ծաւալեն ատրպէյճանական 850 ընկերութիւններ, որոնք ներդրած են 4,5 միլիառ տոլար: Ատրպէյճանի մէջ թրքական դրամագլուխով կը գործեն թրքական 1000 ընկերութիւններ եւ հինգ դրամատուն: