Ե­րէկ ե­րե­կո­յեան պայ­թում մը ցնցեց ­Թուր­քիոյ մայ­րա­քա­ղաք Ան­գա­րան: Թրքա­կան լրա­տո­ւա­մի­ջոց­նե­րը կը հա­ղոր­դեն, թէ պայ­թու­մին պատ­ճա­ռով սպաննուած է առ­նո­ւազն 28 քա­ղա­քա­ցի եւ ար­ձա­նագ­րո­ւած են տաս­նեակ մը վի­րա­ւոր­ներ:

­Պայ­թու­մը տե­ղի ու­նե­ցած է ­Թուր­քիոյ զի­նո­ւած ու­ժե­րու գլխա­ւոր շտա­պէն, ցա­մա­քա­յին, ծո­վա­յին եւ օ­դա­յին ու­ժե­րու հրա­մա­նա­տա­րու­թեան նստա­վայ­րե­րէն, ­Մեճ­լի­սէն, կա­ռա­վա­րու­թեան կեդ­րո­նա­կան շէն­քէն եւ ներ­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թե­նէն 200 մեթր հե­ռա­ւո­րու­թեան վրայ:

­Զի­նո­ւո­րա­կան անձ­նա­կազ­մին տե­ղա­փո­խող հան­րա­կառ­քը կար­միր լոյ­սի տակ կանգ­նած ժա­մա­նակ մէկ այլ ա­կա­նա­պա­տո­ւած մե­քե­նայ պայ­թած է այդ վայ­րին մէջ: ­Թուր­քիոյ հե­տա­խու­զա­կան կա­ռոյց­նե­րը կա­տա­րո­ւա­ծին պա­տաս­խա­նա­տու յայ­տա­րա­րած են Քր­տա­կան բանուո­րա­կան կու­սակ­ցու­թիւ­նը (PKK): Ա­նոնք դեռ մէկ շա­բաթ ա­ռաջ Ան­գա­րա­յի եւ Պոլսոյ անվ­տան­գու­թեան մար­մին­նե­րուն տե­ղե­կա­ցու­ցած էին ա­կա­նա­պատ մե­քե­նա­յով հնա­րա­ւոր պայ­թու­մի մա­սին: Ա­հա­բեկ­չու­թե­նէն ետք ­Թուր­քիոյ նա­խա­գահ ­Ռե­ճեփ ­Թա­յիփ Էր­տո­ղան չե­ղեալ յայ­տա­րա­րած է ­Փետ­րո­ւար 18ին նա­խա­տե­սո­ւած այ­ցը Ատր­պէյ­ճան: