Թուրքիոյ խորհրդարանի ծրագրման եւ պիւտճէի յանձնաժողովին մէջ վերջերս քննարկուած է մեծ առեւտրական կեդրոններու քանակը աւելցնելու հարցը: Քննարկման մասնակցող հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան, իր ելոյթի ժամանակ, անդրադարձած է նաեւ Հայաստան-Թուրքիա սահմանի փակ ըլլալու հարցին` նշելով, որ եթէ անիկա
բացուի, Հայաստան իր առեւտուրին մեծ մասը Թուրքիոյ հետ կ’ընէ: Փայլան մասնաւորապէս ըսած է.- «23 տարիէ ի վեր Հայաստանի հետ սահմանը փակ է: Հիմնաւորումը՝ Ղարաբաղն է: Եթէ սահմանը բաց ըլլար, Հայաստան իր առեւտուրի երեքչորրորդը Թուրքիոյ հետ կ’իրականացնէր: Մարդիկ կու գային-կ՛երթային: Յարաբերութիւնները կը զարգանային: Թերեւս այդպիսով Ղարաբաղի Հարցն ալ լուծուէր: Երկու կողմերն ալ կրնային այդ յարաբերութիւնները զարգացնել, եւ խնդիրները կը լուծուէին»: