Թուրքիոյ մէջ կայացած յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի մրցաշարին, որ կը կրէր Ուեհտի Էմրէի եւ Համիտ Քափլանի անունը, 75 քկ. քաշային կարգով գերազանց հանդէս եկած է 2014ի աշխարհի ախոյեան Արսէն Ջուլֆալակեան։
Ջուլֆալակեան յաղթած է երեք մրցակիցներու եւ հասած եզրափակիչ փուլ, ուր աւելի ուժեղ գտնուելով իր վրացի մրցակիցէն, ճանչցուած է իբրեւ մրցաշարի յաղթականը:
Յիշեցնենք նաեւ, որ Հայաստանի հաւաքականի միւս անդամները այս օրերուն հանդէս եկած են Պուլկարիոյ մէջ կայացած միջազգային մրցաշարին, ուր նուաճած են 3 ոսկէ, 2 արծաթէ ու 2 պրոնզէ շքանշաններ: