­altԹուր­քիոյ խորհր­դա­րա­նին մէջ Յու­նո­ւար 4ին խօ­սո­ւե­ցաւ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան նիւ­թին մա­սին։ Գլ­խա­ւոր ընդ­դի­մա­դիր՝ Հան­րա­պե­տա­կան Ժո­ղովր­դա­յին կու­սակ­ցու­թե­նէն հա­յ ազ­գի ե­րես­փո­խան Սե­լի­նաՏո­ղան յայտ­նեց, որ այս նիւ­թը ո՛չ միայն հա­յե­րուն, այ­լեւ՝Թուր­քիո՛յ հարցն է։

Տո­ղան հե­տե­ւեա­լը ը­սաւ.- «­Քա­նի որ այս հար­ցը ո՛չ միայն հա­յե­րուն, այլ Թուր­քիոյ եւս կը վե­րա­բե­րի, ու­րեմն այս հար­ցը պէտք է քննո­ւի Թուր­քիոյ խորհր­դա­րա­նին եւ ո՛չ թէ այլ խորհր­դա­րան­նե­րու մէջ։ Ա­պա թէ ոչ, մենք ա­մէն Ապ­րիլ 24ին, այ­լեւս սո­վո­րա­կան դար­ձած ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րով, պի­տի շա­րու­նա­կենք այս նիւ­թը ա­ճա­պա­րա­նօք մեր գլու­խէն ան­դին շպրտել։ Այն հա­մո­զումն ու­նիմ, որ մեզ­մէ ո՛չ մէ­կը կը փա­փա­քի ը­նել ա­տի­կա։ Յի­շեց­նել կ­՛ու­զեմ, թէ 2015ին, Էրզ­րու­մի հան­րա­հա­ւա­քի ըն­թաց­քին, վար­չա­պե­տը բա­ցո­րոշ կեր­պով յայտ­նած էր, որ տե­ղա­հա­նու­թիւ­նը մարդ­կա­յին յան­ցանք մըն է»։

Միւս կող­մէ՝ խօսք ա­ռաւ նաեւ քրտա­մէտ Ժո­ղո­վուրդ­նե­րու Ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան կու­սակ­ցու­թե­նէն հա­յազ­գի ե­րես­փո­խան Կա­րօ Փայ­լան եւ նմա­նա­պէս գոր­ծա­ծեց «ցե­ղաս­պա­նու­թիւն» բա­ռը, որ վի­ճա­բա­նու­թիւն­նե­րու տե­ղիք տո­ւաւ։ Փայ­լան ը­սաւ.- «­Հա­րիւր տա­րի ա­ռաջ, հայ ժո­ղո­վուր­դը պե­տու­թեան ո­րո­շու­մով այս հո­ղե­րէն ար­մա­տա­խիլ ե­ղաւ եւ բնաջն­ջո­ւե­ցաւ։ Իմ ըն­տա­նիքն ալ տու­ժեց այդ դէպ­քե­րէն. մեծ հայրս եւ իր ըն­տա­նի­քը... Մեծ հայրս որբ մըն է ե՛ւ մօ­րը կող­մէ, ե՛ւ հօ­րը կող­մէ։ Որ­բե­րու եւ սու­րի ա­ւել­ցուք­նե­րու սե­րուն­դէն եմ ես, որ այս հո­ղե­րուն վրայ կ­՛ապ­րիմ։ Իմ ցեղս ջար­դո­ւած է»։

Փայ­լա­նի խօ­սակ­ցու­թեան ըն­թաց­քին կարգ մը ե­րես­փո­խան­ներ տե­ւա­բար ան­հանգս­տու­թիւն ար­տա­յայ­տե­ցին։ Ա­նոնց­մէ մէկն էր Ազ­գայ­նա­կան Շար­ժում կու­սակ­ցու­թե­նէն ե­րես­փո­խան Պա­քի Շիմ­շեք, որ պո­ռաց.- «­Թուր­քիոյ ազ­գա­յին խորհր­դա­րա­նին մէ՛ջ ենք։ Ո՛չ մէ­կը կրնայ ը­սել, թէ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն կա­տա­րո­ւած է։ Այդ­պի­սի անկր­թու­թիւն կա­րե­լի չէ»։ Այս ար­տա­յայ­տու­թեան դի­մաց դար­ձեալ խօսք ա­ռաւ Սե­լի­նա Տո­ղան եւ ը­սաւ.- «Ե­թէ նիւ­թը ա­ւե­լի մարդ­կա­յին չա­փա­նի­շով քննար­կենք, այն ա­տեն կրնանք ա­ւե­լի ա­պա­հո­վու­թեամբ նա­յիլ ա­պա­գա­յին»։ Յայտ­նենք, թէ Տո­ղան իր խօ­սակ­ցու­թեան ըն­թաց­քին քննա­դա­տու­թիւն ուղ­ղեց նաեւ թրքա­կան մա­ֆիա­յի պետ Սե­տաթ Փե­քե­րին, որ խա­ղա­ղու­թեան հա­մար շարժ­ման ան­ցած ա­կա­դե­մա­կան­նե­րուն սպառ­նա­լիք ուղ­ղած է։ Տո­ղան յի­շե­ցուց Փե­քե­րի՝ «ա­կա­դե­մա­կան­նե­րը պի­տի սպան­նենք եւ ի­րենց հե­ղուած ա­րիւ­նով պի­տի լո­ւա­ցուինք» խօս­քը, եւ մե­ղադ­րեց իշ­խող կու­սակ­ցու­թիւ­նը, որ չի դա­տա­պար­տեր այս խօս­քե­րը։ Տո­ղան խի­զա­խօ­րէն ը­սաւ.- «­Հարց կու տամ ձե­զի. ո՞վ է այս Սե­տաթ Փե­քե­րը։ Ի՞նչ ի­րա­ւա­սու­թեամբ կ­՛ար­տա­սա­նէ այդ խօս­քե­րը։ Իր այդ խօս­քե­րը Իս­լա­մա­կան Պե­տու­թեան մտայ­նու­թե­նէն ինչ­պի­սո՞վ տար­բեր են։ Այս կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը, որ կը պնդէ, թէ Իս­լա­մա­կան Պե­տու­թեան» դէմ կը պայ­քա­րի, այս խօս­քե­րուն դի­մաց պա­խա­րա­կու­մի խօսք մը պի­տի չար­տա­սա­նէ՞»։