Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական կուսակցութեան հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլան, Յունուար 14ին, Թուրքիոյ խորհրդարանին առաջարկած է թրքական ինքնութեան փաստաթուղթերէն վերցնել կրօնքի մասին տեղեկութիւնը եւ դադրեցնել «Ազգային Գաղտնաթիւ»ի կիրարկումը:
Փայլան նշած է, որ պետական մարմիններու մէջ ինք անձամբ բազմաթիւ առիթներով խտրական վերաբերմունքի արժանացած է, պարզապէս որովհետեւ իր ինքնութեան փաստաթուղթին մէջ նշուած է, թէ ինք քրիստոնեայ է: «Այդ պատճառով ալ, մէկ օրուան մէջ կատարուելիք գործը ինծի համար մէկ շաբաթ կամ 10 օր կը տեւէր»,- ըսած է ան: Փայլան քննադատած է նաեւ ինքնութեան փաստաթուղթերուն մէջ կիրարկուող «Ազգային Գաղտնաթիւ»ը՝ նշելով, որ անիկա խտրական վերաբերմունքի կ՛առաջնորդէ։ «Մեր՝ հայերուս յատուկ «Ազգային Գաղտնաթիւ»ը 2ն է, յոյներունը՝ 1ը, հրեաներունը՝ 3ը, ասորիներունը՝ 4ը»,- յիշեցուցած է Փայլան՝ կոչ ընելով փոխելու Օսմանեան Կայսրութենէն ժառանգուած եւ փոքրամասնութիւններուն նկատմամբ խտրականութիւն սերմանող այս վերաբերմունքը: