Պոլ­սոյ հան­րա­պե­տա­կան գլխա­ւոր դա­տա­խազ Հա­տի Սա­լի­հօղ­լու այլ աշ­խա­տան­քի տե­ղա­փո­խած է Հ­րանդ Տին­քի սպա­նու­թեան գոր­ծով պե­տա­կան պաշ­տօ­նեա­նե­րու առն­չո­ւած մե­ղադ­րա­կան եզ­րա­կա­ցու­թիւն պատ­րաս­տած եւ յան­ցա­գոր­ծու­թիւ­նը կազ­մա­կեր­պո­ւած ըլ­լա­լուն առն­չո­ւած հե­տաքն­նու­թիւն կա­տա­րող դա­տա­խազ Կէօ­քալփ Քէօյք­ճուն: Կայ­քը կը նշէ, որ Հ­րանդ Տին­քի սպա­նու­ թեան գոր­ծով հե­տաքննու­թիւ­նը վստա­հո­ւած է այլ դա­տա­խա­զի:

Կը նշո­ւի, որ Տին­քի գոր­ծով դա­տա­խա­զի փո­փո­խու­թիւ­նը կա­տա­րո­ւած է Թուր­քիոյ գլխա­ւոր դա­տա­խա­զու­թեան 2016ի հա­մար «աշ­խա­տան­քի բա­ժան­ման» ծի­րին մէջ: Կէօ­քալփ Քէօյք­ճուն աշ­խա­տան­քի նշա­նա­կո­ւած է Պոլ­սոյ դա­տա­խա­զու­թեան գլխա­ւոր նա­խա­պատ­րաս­տա­կան հե­տաքն­նու­թեան գրա­սե­նեա­կին մէջ: Ան այ­լեւս ա­հա­բեկ­չու­թեան ծի­րին մէջ հե­տաքն­նու­թիւն­ներ պի­տի չկա­տա­րէ:

Տին­քի սպա­նու­թեան գոր­ծի վե­րա­նա­յու­մը դա­տա­խազ Քէօյք­ճուի վստա­հո­ւած էր Դեկ­տեմ­բեր 2014ին: Ան մե­ղադ­րա­կան եզ­րա­կա­ցու­թիւն պատ­րաս­տած էր Տին­քի սպա­նու­թեան ըն­թաց­քին Պոլ­սոյ անվ­տան­գու­թեան նախ­կին տնօ­րէն Ճա­լա­լե­թին Ճեր­րա­հի, հե­տա­խու­զա­կան վար­չու­թեան ղե­կա­վար Սապ­րի Ու­զու­նի, Տ­րա­պի­զո­նի անվ­տան­գու­թեան նախ­կին տնօ­րէն Ռե­շաթ Ալ­թա­յի եւ հե­տա­խու­զա­կան վար­չու­թեան ղե­կա­վար Էն­կին Տին­չի հետ միա­սին 26 պե­տա­կան պաշ­տօ­նեա­նե­րու վե­րա­բե­րեալ: Մե­ղադ­րա­կան եզ­րա­կա­ցու­թիւ­նը գլխա­ւոր դա­տա­խա­զու­թեան կող­մէ եր­կու ան­գամ վե­րա­դար­ձուած էր ա­նոր` ա­նոնց մէջ գո­յու­թիւն ու­նե­ցող «թե­րու­թիւն­նե­րու» հա­մար: