altԹուր­քիոյ խորհր­դա­րա­նի հայ պատ­գա­մա­ւոր Կա­րօ Փայ­լան, «IMC» հե­ռուս­տաըն­կե­րու­թեան ե­թե­րով, Թուր­քիոյ իշ­խա­նու­թեանց հաս­ցէին սուր քննա­դա­տու­թիւն­ներ հնչե­ցու­ցած է` մե­ղադ­րե­լով զա­նոնք քիւր­տե­րուն նկատ­մամբ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն ի­րա­կա­նաց­նե­լու մէջ:

Քր­տա­մէտ Ժո­ղո­վուրդ­նե­րու Ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան կու­սակ­ցու­թեան (Ժ.Ժ.Կ.-HDP) կող­մէ ընտ­րո­ւած պատ­գա­մա­ւո­րը նշած է, որ Թուր­քիոյ Հան­րա­պե­տու­թեան հիմ­նա­դիր­նե­րը Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ի­րա­կա­նաց­նող­ներն են, ո­րոնք այդ­պէս ալ պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան չեն­թար­կո­ւե­ցան: Փայ­լա­նի դի­տար­կու­մով՝ այ­սօր եւս քիւր­տե­րու պա­հանջ­նե­րուն ի պա­տաս­խան ա­նոնց նկատ­մամբ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն կ­՛ի­րա­կա­նա­ցո­ւի: «Այ­սօր տե­ղի ու­նե­ցող ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը ես կը նմա­նեց­նեմ 1913-1914 թո­ւա­կան­նե­րու դէպ­քե­րուն: Բ­նա­կա­նա­բար, հե­տե­ւանք­նե­րը նոյ­նը չեն ըլ­լար, ինչ որ ե­ղաւ հա­յե­րուն հետ, քա­նի որ քիւր­տե­րը այ­սօր կազ­մա­կեր­պո­ւած են եւ ու­ժեղ: Սա­կայն, այ­նո­ւա­մե­նայ­նիւ, մենք կը տես­նենք, որ այս իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը շատ ան­գութ են: Ա­նոնք կը փոր­ձեն քիւր­տե­րով բնա­կե­ցո­ւած շրջան­նե­րը ա­մա­յաց­նել: Ես Սու­րի շրջան գա­ցի: 1913 թո­ւա­կա­նին Սու­րը շրջա­պա­տո­ւած էր թնթա­նօթ­նե­րով: 100 տա­րի անց իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը Սու­րի մէջ նոյն ի­րա­վի­ճա­կը ստեղ­ծած են: Այ­սօր ալ այդ շրջա­նը շրջա­պա­տո­ւած է հրա­սայ­լե­րով ու թնթա­նօթ­նե­րով»,- ը­սած է ան: