Ատր­պէյ­ճա­նա­կան ծանր յան­ցա­գոր­ծու­թեանց դա­տա­րան մը Եր­կու­շաբ­թի՝ Դեկ­տեմ­բեր 28ին, վեց տա­րո­ւան բան­տար­կու­թեան դա­տա­պար­տեց յայտ­նի լրագ­րող Ռաուֆ Միր­քա­տի­րո­վը՝ զայն ամ­բաս­տա­նե­լով «­Հա­յաս­տա­նի հա­մար լրտե­սու­թիւն կա­տա­րե­լու» մե­ղադ­րան­քով, շարք մը այլ յան­ցանք­նե­րու կող­քին:

Մարդ­կա­յին ի­րա­ւանց պաշտ­պան­ներ ան­հիմն կը նկա­տեն Միր­քա­տի­րո­վի հաս­ցէին կա­տա­րո­ւած ամ­բաս­տա­նու­թիւն­նե­րը։ Ա­տեա­նի ո­րո­շու­մէն ետք, դա­տա­պար­տեա­լին փաս­տա­բա­նը՝ Ֆո­ւատ Ա­ղաեւ եւս յայ­տա­րա­րեց, թէ Միր­քա­տի­րով կը շա­րու­նա­կէ մեր­ժել իր հաս­ցէին կա­տա­րո­ւած ամ­բաս­տա­նու­թիւն­նե­րը՝ ա­ւելց­նե­լով, թէ ա­նոնք քա­ղա­քա­կան նպա­տակ­նե­րով ներ­կա­յա­ցո­ւած են:

«Ա­ռանց սահ­մա­նի լրագ­րող­ներ» կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը դա­տա­պար­տեց մրցա­նակ­նե­րու ար­ժա­նա­ցած այս լրագ­րո­ղին դա­տա­վա­րու­թիւ­նը՝ կոչ ը­նե­լով Պա­քո­ւի իշ­խա­նու­թեանց, որ ան­մի­ջա­պէս ա­զատ ար­ձա­կեն զայն։ Կազ­մա­կեր­պու­թեան Ա­րե­ւե­լեան Եւ­րո­պա­յի գրա­սե­նեա­կի պա­տաս­խա­նա­տուն՝ Եո­հան Պիհր, Միր­քա­տի­րո­վը նկա­տած է Ատր­պէյ­ճա­նի նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիե­ւի վար­չա­կար­գը քննա­դա­տող­նե­րուն դէմ սկսած «վհուկ­նե­րու որս»ի նո­րա­գոյն զո­հը։

Ն­շենք, որ 54ա­մեայ Միր­քա­տի­րով ձեր­բա­կա­լո­ւած էր Թուր­քիոյ մէջ եւ ա­պա յանձ­նո­ւած Պա­քո­ւի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն: Ան «­Զեր­քա­լօ»ի եւ քա­նի մը այլ թեր­թե­րու յօ­դո­ւա­ծա­գիր էր, որ նախ­քան ձեր­բա­կա­լո­ւի­լը՝ ե­րեք տա­րի ապ­րած էր Թուր­քիոյ մէջ եւ, Ատր­պէյ­ճա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն կող­քին, կը քննա­դա­տէր նաեւ Թուր­քիոյ կա­ռա­վա­րու­թեան կարգ մը քայ­լե­րը։