altԹուր­քիոյ գլխա­ւոր ընդ­դի­մա­դիր՝ Հան­րա­պե­տա­կան-­Ժո­ղովր­դա­վար կու­սակ­ցու­թեան խորհր­դա­րա­նա­կան խմբակ­ցու­թեան փոխ-նա­խա­գահ Սեզ­կին Թան­րը­քու­լու օ­րի­նա­գիծ ներ­կա­յա­ցու­ցած է Թուր­քիոյ խորհր­դա­րա­նին՝ Թուր­քիոյ քա­ղա­քա­ցիու­թիւն տրա­մադ­րե­լու 1914էն ի վեր բռնա­գաղ­թի են­թարկ­ման հե­տե­ւան­քով կամ այլ պատ­ճառ­նե­րով քա­ղա­քա­ցիու­թե­նէ զրկո­ւած­նե­րուն:

Ըստ թրքա­կան «­Հա­պե­րաք­թուէլ» լրա­տո­ւա­կան կայ­քին՝ երբ օ­րի­նա­գի­ծը վա­ւե­րա­ցո­ւի, քա­ղա­քա­ցիու­թիւն պի­տի տրա­մադ­րո­ւի Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ըն­թաց­քին հայ­րե­նազր­կո­ւած հա­յե­րուն, ինչ­պէս նաեւ յոյ­նե­րուն եւ ա­սո­րի­նե­րուն եւ ա­նոնց շա­ռա­ւիղ­նե­րուն՝ մին­չեւ 4րդ սե­րունդ:

Դի­մում­նե­րու հա­մար, հար­կա­ւոր պի­տի ըլ­լան տո­ւեալ ժա­մա­նա­կո­ւան անձ­նա­գիր­ներ, ե­կե­ղե­ցա­կան ար­ձա­նագ­րու­թիւն­ներ, փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու հիմ­նարկ­նե­րու ար­ձա­նագ­րու­թիւն­ներ, Օս­մա­նեան Կայս­րու­թեան փաս­տա­թուղ­թեր կամ գաղ­թա­կան­նե­րը ըն­դու­նած եր­կիր­նե­րու հա­մա­պա­տաս­խան մար­մին­նե­րէն՝ Թուր­քիա­յէն ար­տա­գաղ­թած ըլ­լա­լու մա­սին փաս­տա­թուղ­թեր:

Օ­րէն­քը կը վե­րա­բե­րի Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ատէն եւ 6-7 Սեպ­տեմ­բեր 1955ին վնա­սո­ւած ազ­գա­յին փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն, մաս­նա­ւո­րա­բար հա­յե­րուն, ա­սո­րի­նե­րուն եւ յոյ­նե­րուն: Ն­շենք, որ 2014ի Փետ­րո­ւա­րին նմա­նա­տիպ օ­րի­նա­գիծ մը ներ­կա­յա­ցո­ւած էր նաեւ քրտա­մէտ Խա­ղա­ղու­թիւն եւ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւն կու­սակ­ցու­թեան կող­մէ, որ սա­կայն չէր վա­ւե­րա­ցո­ւած Թուր­քիոյ օ­րէնսդիր ժո­ղո­վին կող­մէ: