Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութենէն ընտրուած հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան, թրքական Մեճլիսի ամպիոնէն պահանջած է կարեւորել ու չմոռնալ հանրապետութեան տարածքին բնակող հնագոյն ժողովուրդներուն՝ քրիստոնեաներուն տօնը՝ Սուրբ Ծնունդը:
Կարօ Փայլան ըսած է.- «Այսօր քրիստոնէական ընտանիքին Սուրբ Ծնունդն է, սակայն մեր Մեճլիսը զայն չէ շնորհաւորած: Կար ժամանակ, երբ այս հողերուն վրայ քրիստոնեաները շատ էին, բնակչութեան 40 տոկոսը կը կազմէին:
Այսօր մենք հազարէն մէկն ենք: Սակայն այդ ամէնը մեր ցանկութեամբ չեղաւ, մենք չհեռացանք, մեզ պակսեցուցին այս հողերէն: «Սակայն նոյնիսկ եթէ քիչ ալ ըլլանք, մէկ ալ ըլլանք, Մեճլիսը պէտք է կարեւորութիւն տայ Սուրբ Ծնունդին: 1915 թուականէն առաջ այս հողերուն վրայ Սուրբ Ծնունդը կարեւոր տօն կը համարուէր: Այդ օրերուն արձակուրդ կը յայտարարուէր, ինչպէս այժմ իսլամական տօներուն ժամանակ: Այս տեսանկիւնէ անհրաժեշտ է կարեւորել նաեւ անոնց տօնը, որոնք այժմ այս հողերուն վրայ փոքրաթիւ մնացած են»: