altԳ­րա­կա­նու­թեան Նո­պէ­լեան մրցա­նա­կա­կիր, թուրք գրող Օր­հան Փա­մուք խօ­սած է Թուր­քիոյ Եւ­րո­միու­թեան ան­դա­մակ­ցու­թեան մա­սին` նշե­լով, որ այդ ան­դա­մակ­ցու­թիւ­նը ճիշդ չի հա­մա­րեր: Ըստ «Ար­մենփ­րես»ի՝ այս մա­սին կը տե­ղե­կաց­նէ թրքա­կան «­Հուր­րի­յէթ»ը: «Անհնար է ցան­կալ, որ Թուր­քիա դառ­նայ Ե.Մ. ան­

դամ, քա­նի դեռ երկ­րին մէջ յար­գանք չկայ փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րուն նկատ­մամբ, իսկ լրագ­րող­նե­րը բան­տե­րու մէջ են: Թուր­քիոյ մէջ շա­տե­րը կը ձեր­բա­կա­լո­ւին միայն սե­փա­կան հա­յեացք­նե­րու պատ­ճա­ռով: Չ­ձեր­բա­կալուե­լու պա­րա­գա­յին ալ վար­չա­կար­գը մեծ լրա­տո­ւա­կան­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րուն մեծ տուր­քեր կը նշա­նա­կէ կամ իր կող­մէ ոչ-ցան­կա­լի ան­ձե­րու դէմ ի­րեն մօտ լրա­տուա­մի­ջոց­նե­րու մի­ջո­ցով մե­ղադ­րանք­ներ կը հնչեց­նէ»,- ը­սած է Փա­մուք: Օր­հան Փա­մուք յայտ­նի է Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան եւ Քր­տա­կան Հար­ցին վե­րա­բե­րեալ իր քա­ղա­քա­ցիա­կան դիր­քո­րոշ­մամբ, որ եւս կը հա­կա­սէ թրքա­կան պաշ­տօ­նա­կան դիր­քո­րո­շու­մին: Փա­մուք այն սա­կա­ւա­թիւ թուր­քե­րէն մէկն է, որ 1915 թո­ւա­կա­նի դէպ­քե­րուն առն­չու­թեամբ կի­րար­կած է «ցե­ղաս­պա­նու­թիւն» բա­ռը: