«­Տիար­պե­քի­րի պատ­մա­կան կա­ռոյց­նե­րը կը մեռ­նին». այս­պի­սի վեր­նա­գի­րով թրքա­կան կայ­քը ներ­կա­յա­ցու­ցած է ­Տիգ­րա­նա­կեր­տի մէջ ա­ռա­ջին օս­մա­նեան մզկի­թի` ­Քուր­շու­նի, հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցի­նե­րու եւ այլ ար­ժէ­քա­ւոր կա­ռոյց­նե­րու հա­մար ստեղծուած ծայ­րա­յեղ վտան­գա­ւոր դրու­թիւ­նը: «Radikal» թեր­թի

սիւ­նա­կա­գիր Օ­մեր Էր­պիլ անդ­րա­դար­ձած է ­Տիգ­րա­նա­կեր­տի պատ­մամ­շա­կու­թա­յին կո­թող­նե­րու անխ­նայ ոչն­չա­ցու­մին:

«­Քա­ղա­քին շուր­ջը տա­րա­ծո­ւող ­Տիգ­րա­նա­կեր­տի ամ­րո­ցին, Ան­զե­լէ գե­տա­կի, ­Տիգ­րի­սի հո­վի­տի մա­սը կազ­մող ­Հեւ­սե­լի այ­գի­նե­րուն տա­րած­քը նե­րա­ռո­ւած է ԵՈՒՆԵՍՔՕի ­Հա­մաշ­խար­հա­յին Մ­շա­կու­թա­յին ­Ժա­ռան­գու­թեան ցու­ցա­կին մէջ: Այս տա­րած­քին յա­րա­կից ըն­դար­ձակ շրջան մըն ալ` ­Տիգ­րա­նա­կեր­տի ­Սուր շրջա­նը, ինչ­պէս նաեւ ո­րոշ քա­ղա­քա­ցիա­կան ճար­տա­րա­պե­տա­կան կա­ռոյց­ներ, մզկիթ­ներ, ե­կե­ղե­ցի­ներ նոյն­պէս ընդգր­կո­ւած են մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան ցու­ցա­կին մէջ:

«­Սա­կայն վեր­ջին ա­միս­նե­րուն այս շրջա­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցած բա­խում­նե­րը պատ­մա­կան այս կո­թող­նե­րուն ան­դառ­նա­լի վնաս­ներ հաս­ցու­ցին: ­Ցա­ւա­լի է տես­նել, որ ա­հա­բեկ­չա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու պատ­ճա­ռով կը վնա­սո­ւին հա­զա­րա­ւոր տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին բազ­մա­թիւ շրջա­փա­կում­նե­րու, ապըս­տամ­բու­թիւն­նե­րու, պա­տե­րազմ­նե­րու թո­հու­բո­հով ան­ցած եւ հա­կա­ռակ այդ ա­մէ­նուն` կան­գուն մնա­ցած այս պատ­մա­կան քա­ղա­քին մշա­կու­թա­յին կո­թող­նե­րը»,- կը գրէ Օ­մեր Էր­պիլ:

«­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի ա­մե­նա­մեծ ե­կե­ղեց­ւոյ` ­Սուրբ ­Կի­րա­կոս հայ­կա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ մօտ ռում­բի պայ­թիւ­նի պատ­ճա­ռով կա­ռոյ­ցը մե­ծա­պէս վնա­սո­ւած էր: ­Նոյն կերպ վնա­սո­ւած է նաեւ հայ­կա­կան կա­թո­լիկ ե­կե­ղե­ցին»,- կը գրէ «Radikal»ի աշ­խա­տա­կի­ցը` անդ­րա­դառ­նա­լով նաեւ օ­րեր ա­ռաջ ­Քուր­շուն­լու մզկի­թի հրդեհ­ման եւ ա­նոր պահ­պա­նման կո­չով հան­դէս ե­կած ­Տիար­պե­քի­րի ­Փաս­տա­բան­նե­րու ­Պա­լա­տի նա­խա­գահ ­Թա­հիր Էլ­չիի սպա­նու­թեան դէպ­քե­րուն:

Էր­պի­լին կը նշէ նաեւ այն հան­գա­ման­քը, որ ԵՈՒՆԵՍՔՕի տո­ւեալ­նե­րուն հա­մա­ձայն` ա­հա­բեկ­չու­թիւն­նե­րու պատ­ճա­ռով վեր­ջին շրջա­նին միայն ­Սու­րիոյ մէջ ա­ւե­րո­ւած են 300 պատ­մամ­շա­կու­թա­յին կո­թող եւ 450 քա­ղա­քա­ցիա­կան ճար­տա­րա­պե­տա­կան կա­ռոյց:

«­Քուր­շուն­լու մզկի­թին վնաս հասց­նող մտա­ծե­լա­կեր­պը ոչն­չով կը տար­բե­րի ­Փալ­մի­րի տա­ճա­րը պայ­թեց­նող Իս­լա­մա­կան ­Պե­տու­թեան (Ի.Պ.- ISIS) վա­րո­ւե­լա­կեր­պէն: Մ­շա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան պահ­պա­նումն ու յա­ջորդ սե­րունդ­նե­րուն փո­խան­ցե­լը իւ­րա­քան­չիւ­րի պար­տա­կա­նու­թիւնն է»,- կ­՛եզ­րա­փա­կէ լրագ­րո­ղը: