­altԱ.Մ.Ն.ի մէջ ­Թուր­քիոյ դէմ ուղ­ղո­ւած ստո­րագ­րա­հա­ւաք սկսած է: Թրքա­լե­զու «amerikaninsesi.com» լրա­տո­ւա­կայ­քը կը տե­ղե­կաց­նէ, որ «նա­խա­գահ Էր­տո­ղա­նի ղե­կա­վա­րած ­Թուր­քիան պէտք է հռչա­կո­ւի որ­պէս ա­հա­բեկ­չու­թեան ա­ջակ­ցող պե­տու­թիւն եւ պէտք է վերջ դրո­ւի Ա­մե­րի­կա­յի հետ դաշ­նակ­ցու­թեան» վեր­նա­գի­րով

ստո­րագ­րա­հա­ւա­քը մեկ­նար­կած է Ս­պի­տակ ­Տան պաշ­տօ­նա­կան կայ­քէ­ջին մէջ: Ըստ աղ­բիւ­րին` Ս­պի­տակ ­Տան կող­մէ պա­տաս­խա­նի ար­ժա­նա­նա­լու հա­մար այս­պի­սի դի­մում­նե­րը սո­վո­րա­բար պէտք է 30 օ­րո­ւան մէջ 100.000 ստո­րագ­րու­թիւն հա­ւա­քեն: «Whitehouse.gov» կայ­քին մէջ տեղ գտած դի­մու­մը ու­նի հե­տե­ւեալ բո­վան­դա­կու­թիւ­նը.- «­Սու­րիոյ մէջ Ի.Պ.ի (İŞİD-Իս­լա­մա­կան ­Պե­տու­թիւն) թի­րախ­նե­րը ռմբա­կո­ծող ռու­սա­կան օ­դա­նա­ւին ­Թուր­քիոյ կող­մէ հրթի­ռա­կո­ծո­ւե­լէն ետք անհ­նար է հեր­քել այն փաս­տը, որ նա­խա­գահ Էր­տո­ղան կ­՛ա­ջակ­ցի ­Սու­րիոյ ջի­հա­տա­կան ա­հա­բե­կիչ­նե­րուն: Ի.Պ. ­Թուր­քիոյ տա­րած­քով քա­րիւղ կը վա­ճա­ռէ, Ի.Պ.ի եւ Ալ-­Քա­յի­տէ­յի ա­հա­բե­կիչ­ներն ու այլ ճի­հա­տա­կան խում­բեր ե­լու­մուտ կ­՛ը­նեն թրքա­կան սահ­մա­նով:

«­Թուր­քիա նա­խա­պէս ալ ա­ջակ­ցած է ­Պոս­նիոյ, ­Չեչ­նիոյ, ­Պա­ղես­տի­նի, Վ­րաս­տա­նի, Ե­գիպ­տո­սի եւ ­Չի­նաս­տա­նի մէջ գոր­ծող ա­հա­բեկ­չա­կան խում­բե­րուն, իր հա­րե­ւան­նե­րուն դէմ (­Կիպ­րո­սի մէջ զի­նո­ւոր­ներ տե­ղա­կա­յե­լով, ­Յու­նաս­տա­նի օ­դա­յին սահ­մա­նը խախ­տե­լով, ­Հա­յաս­տա­նը շրջա­փակ­ման մէջ պա­հե­լով) թշնա­մա­կան պա­հո­ւածք դրսե­ւո­րած է, ցե­ղաս­պա­նու­թեան են­թար­կած է հա­յե­րը, յոյ­նե­րը, ա­սո­րի­նե­րը:

Այս պատ­ճառ­նե­րէն մեկ­նած` ­Թուր­քիան պէտք է յայ­տա­րա­րո­ւի ա­հա­բեկ­չու­թեան ա­ջակ­ցող պե­տու­թիւն եւ պէտք է վերջ դրո­ւի ՆԱԹՕի ծի­րէն ներս ­Թուր­քիա-Ա­մե­րի­կա դաշ­նակ­ցու­թեան»: