­altԹր­քա­կան «­Տե­մոք­րաթ­հա­պէր» կայ­քը կը հա­ղոր­դէ, որ Թուր­քիոյ Ժո­ղո­վուրդ­նե­րու Ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան Հա­մա­գու­մա­րը 9 Դեկ­տեմ­բե­րին, Ցե­ղաս­պա­նու­թեան յան­ցա­գոր­ծու­թեան զո­հե­րու յի­շա­տա­կի ու ար­ժա­նա­պա­տո­ւու­թեան եւ այս յան­ցա­գոր­ծու­թեան կան­խար­գիլ­ման մի­ջազ­գա­յին օ­րո­ւան առն­չու­թեամբ, ու­ ղերձ տա­րա­ծած է` հաս­ցէագ­րո­ւած թրքա­կան պե­տու­թեան:

Ու­ղեր­ձին մէջ, որ ստո­րագ­րո­ւած է հա­մա­գու­մա­րի բան­բեր­ներ Սե­պա­հաթ Թուն­ճե­լի եւ Էր­թուղ­րուլ Քիւրք­չի­ւի կող­մէ, կոչ կ­՛ուղ­ղո­ւի ա­ռե­րե­սո­ւե­լու սե­փա­կան պատ­մու­թեան հետ եւ նե­րում հայ­ցե­լու գոր­ծո­ւած ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րուն հա­մար:

«­Հա­մաշ­խար­հա­յին Ա. Պա­տե­րազ­մին ըն­թաց­քին` 1915ին հա­յե­րու եւ ա­սո­րի­նե­րու ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը, որ գոր­ծադ­րո­ւե­ցաւ Օս­մա­նեան Կայս­րու­թեան այդ ժա­մա­նա­կո­ւան ղե­կա­վա­րու­թեան` Միու­թիւն եւ Յա­ռաջ­դի­մու­թիւն կու­սակ­ցու­թեան կար­գադ­րու­թեամբ, օս­մա­նեան հա­յե­րու ազ­գա­յին եւ կրօ­նա­կան ինք­նու­թիւն­նե­րը ջնջե­լու ուղ­ղո­ւած ծրագ­րո­ւած եւ հա­մա­կար­գո­ւած հա­մա­մարդ­կա­յին յան­ցա­գոր­ծու­թիւն էր»,- կը նշո­ւի յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ, ուր ներ­կա­յա­ցո­ւած է, թէ ինչ­պէ՞ս 24 Ապ­րիլ 1915ին Պոլ­սոյ հայ մտա­ւո­րա­կա­նու­թեան ձեր­բա­կա­լու­թեամբ սկսած ցե­ղաս­պա­նա­կան գոր­ծո­ղու­թեան ըն­թաց­քին հայ ժո­ղո­վուր­դը, որ այդ տա­րածք­նե­րու հնա­գոյն բնա­կիչ­նե­րէն է, ար­մա­տա­խիլ ե­ղաւ իր սե­փա­կան հայ­րե­նի­քէն: «­Հե­տա­գա­յին Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը իթ­թի­հա­տա­կան­նե­րուն նե­րո­ւե­ցաւ՝ հա­յե­րու «դրա­մագ­լու­խի թրքաց­ման» եւ «թրքա­կան տար­րը գե­րիշ­խող դարձ­նե­լու» հիմ­նա­ւո­րում­նե­րով: 100 տա­րի ետք ալ Թուր­քիան կը շա­րու­նա­կէ Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ժխտու­մը»,- կ­՛ըսուի ու­ղեր­ձին մէջ:

Հե­ղի­նակ­նե­րը յայտ­նած են, որ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րը 20րդ դա­րէն ետք ալ կրկնո­ւե­ցան: Ար­դէն մեր օ­րե­րուն ա­կա­նա­տես կը դառ­նանք, թէ ինչ­պէ՛ս ՏԱՀԵՇ կը փոր­ձէ ոչն­չաց­նել ե­զի­տի­նե­րը, սա­կայն թէ՛ Մ.Ա.Կ.ը, թէ՛ Թուր­քիան լուռ կը մնան ե­զի­տի­նե­րու պա­տա­հած դէպ­քե­րուն առն­ու­թեամբ: «­Ժո­ղո­վուրդ­նե­րու Ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան Հա­մա­գու­մա­րը կը խո­նար­հի ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րու պատ­ճա­ռով բո­լոր զո­հո­ւած­նե­րու յի­շա­տա­կին առ­ջեւ եւ կը յի­շեց­նենք, որ Թուր­քիան մէկն է այն պե­տու­թիւն­նե­րէն, ո­րոնք ստո­րագ­րած են Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րու Կան­խար­գիլ­ման Մի­ջազ­գա­յին Հա­մա­ձայ­նա­գի­րին տակ: «­Թուր­քիոյ կոչ կ­՛ուղ­ղենք դադ­րեց­նե­լու հա­յե­րու եւ ա­սո­րի­նե­րու ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րու ժխտու­մը, նե­րում հայ­ցե­լու այն հա­մա­մարդ­կա­յին յան­ցանք­նե­րուն հա­մար, ո­րոնք գոր­ծադ­րո­ւած են օս­մա­նեան պե­տու­թեան ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն դէմ, պե­տու­թիւն մը, ո­րուն քա­ղա­քա­կան ժա­ռան­գորդն ալ նոյ­նինքն ժա­մա­նա­կա­կից Թուր­քիան է: «­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րու կան­խար­գի­լու­մը հա­ւա­քա­կան պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւն է: Ո­գե­կո­չե­լով Ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րուն յի­շա­տա­կը` մենք պի­տի բարձ­րաց­նենք ա­նոնց հար­ցը, ան­տար­բեր պի­տի չըլ­լանք այն զու­լու­մին նկատ­մամբ, որ տե­ղի ու­նե­ցած է, եւ ցոյց պի­տի տանք, որ զի­րենք եր­բեք պի­տի չմոռ­նանք: Ի­րա­կա­նու­թեան հետ ա­ռե­րե­սո­ւիլն ու նե­րում հայ­ցե­լը այն ճամ­բան է, ո­րով Թուր­քիան պի­տի կա­րե­նայ խա­ղա­ղու­թեան ու հա­ւա­սա­րու­թեան մէջ ապ­րիլ աշ­խար­հի եւ մեր ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն հետ»,- կ­՛ը­սո­ւի ու­ղեր­ձին մէջ: