8 Դեկտեմբերին եւ 8-9 Դեկտեմբերի լուսցող գիշերը, ղարաբաղեան-ատրպէյճանական տագնապի զօրքերու շփման գիծին վրայ, Ատըրպէյճանի կողմէ զինադադարի պահպանման դրութիւնը խախտուած է բազմաթիւ անգամներ, կացութիւնը կը շարունակէ լարուած մնալ:
Հակառակորդին կողմէ խոշոր տրամաչափի արձակազէնի հրացանէն արձակուած կրակոցին պատճառով՝ Լ.Ղ.Հ պաշտպանութեան բանակի արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն մէջ մահացու հրազէնային հարուած ստացած ու մահացած է բանակի պայմանագրային զինուոր, 1991ի ծնունդ Գարիկ Գուրգէնի Աւանեսեան:
Դէպքին մանրամասնութիւնները պարզելու համար կը կատարուի քննութիւն:
Այս առիթով հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ, Լ.Ղ.Հ. պաշտպանութեան նախարարութիւնը գրած է.- «Նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ զոհուած զինուորական ծառայողի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն: Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը յայտարարէ, որ հակառակորդի ապակայունացնող գործողութիւնները անպատիժ պիտի չմնան եւ ստեղծուած իրադրութեան հետեւանքները ծանր ու անդառնալի պիտի ըլլան»: Նախարարութիւնը նաեւ տեղեկացուցած է, որ հակառակորդը առաջին անգամն ըլլալով հրետանիէն սկսած է ռմբակոծման ենթարկել պաշտպանութեան բանակի հարաւային ուղղութեամբ տեղակայուած զինուորական դիրքերը: 8-9 Դեկտեմբեր լուսցող գիշերը ղարաբաղեան-ատրպէյճանական տագնապի զօրքերու շփման գիծին մէջ հակառակորդին կողմէ զինադադարի պահպանման դրութիւնը խախտած է աւելի քան 180 անգամ, որուն ընթացքին տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ հայ սահմանապահներուն ուղղութեամբ արձակուած է շուրջ 1500 կրակոց: