«Եր­կիր Մե­դիա»էն Մա­րիամ Բար­սե­ղեան կը գրէ, թէ այս տա­րո­ւան Ապ­րիլ 24ին, թրքա­կան «­Ճում­հու­րի­յէթ» օ­րա­թեր­թը լոյս տե­սաւ՝ ա­ռա­ջին է­ջին վրայ հա­յա­տառ վեր­նա­գի­րով մը՝ «Այ­լեւս Եր­բե՛ք»: Թեր­թի գլխա­ւոր խմբա­գիր Ճան Տիւն­տար հա­յաս­տան­ցի լրագ­րող­նե­րու հետ հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին պատ­մած է, որ Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեա­կին ա­ռի­թով փա­փա­քած էր յա­տուկ քայլ մը առ­նել՝ «մեծ ցաւ ապ­րած ժո­ղո­վուր­դին հա­մար»:

«Ընտ­րե­ցինք Ցե­ղաս­պա­նու­թեան յու­շար­ձա­նի նկա­րը ու հա­յե­րէն տա­ռե­րով գրե­ցինք՝ «Այ­լեւս Եր­բե՛ք»: Մենք կ­՛ու­զէինք, որ այդ ցա­ւին հետ կա­պո­ւած բառ մը մնայ մար­դոց յի­շո­ղու­թեան մէջ: Մարդ­կու­թեան հա­մար՝ փոքր, բայց մե­զի հա­մար շա՜տ մեծ քայլ էր այդ նա­խա­դա­սու­թեան զե­տե­ղու­մը մեր թեր­թի ա­ռա­ջին է­ջին վրայ»,- ը­սած է Ճան Տիւն­տար, ո­րուն թեր­թը «1915ի ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը» կո­չած էր Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն: Խմ­բա­գի­րը նաեւ ը­սած է, որ բա­ռը կը գրո­ւի եր­բեմն չա­կերտ­նե­րու մէջ, եր­բեմն՝ ա­ռանց ա­նոնց, ըստ լրագ­րո­ղի դիր­քո­րոշ­ման:

Տիւն­տա­րի հա­մա­ձայն՝ Հ­րանդ Տին­քի բազ­մա­հա­զա­րա­նոց յու­ղար­կա­ւո­րու­թիւ­նը ցոյց տո­ւաւ, որ թուրք հա­սա­րա­կու­թիւ­նը պատ­րաստ է պատ­մու­թեան հետ ա­ռե­րե­սո­ւե­լու:

Թեր­թը, ո­րուն ա­նու­նը թարգ­մա­նա­բար կը նշա­նա­կէ «­Հան­րա­պե­տու­թիւն», հիմ­նադ­րո­ւած է գրե­թէ Թուր­քիոյ հան­րա­պե­տու­թեան հետ: Այ­սօր թեր­թը ընդ­դի­մա­դիր է, իսկ խմբա­գի­րին խօս­քով՝ «ա­զատ ու ան­կախ» է, ու­նի մօ­տա­ւո­րա­պէս 250 աշ­խա­տա­կից ու ի­րեն դէմ ուղ­ղո­ւած բազ­մա­թիւ դա­տա­կան հայ­ցեր:

«­Մեր կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը այն­քա՛ն ալ յա­ջող չէ: Դժ­բախ­տա­բար, քննա­դա­տու­թիւն կը մեր­ժէ եւ ա­մէն քննա­դա­տու­թիւն կը հա­մա­րէ ի­րեն ուղ­ղո­ւած սպառ­նա­լիք»,- ը­սած է խմբա­գի­րը, ո­րուն թեր­թը վեր­ջերս ու­շադ­րու­թեան կի­զա­կէտ դար­ձաւ՝ Իս­լա­մա­կան Պե­տու­թեան վե­րա­բե­րող հրա­պա­րա­կում­նե­րուն հա­մար: Ար­դա­րեւ, թեր­թը գրած էր, որ Թուր­քիա նպաս­տած է Իս­լա­մա­կան Պե­տու­թեան կա­յաց­ման գոր­ծին եւ զէնք վա­ճա­ռած է ա­նոր:

Թեր­թի խմբագ­րա­կան կազ­մը իր մոր­թին վրայ զգա­ցած է Իս­լա­մա­կան Պե­տու­թեան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն հե­տե­ւանք­նե­րը. ցարդ, ա­նոր 4 թղթա­կից­նե­րը սպան­նո­ւած են այս կազ­մա­կեր­պու­թեան կող­մէ։

Հա­յաս­տա­նէն Թուր­քիա մեկ­նած լրագ­րող­նե­րու այ­ցե­լու­թեան օ­րը, թեր­թի խմբագ­րու­թեան շէն­քին շուրջ, ա­պա­հո­վու­թիւ­նը խստա­ցո­ւած էր: Հայ լրագ­րող­նե­րու այ­ցե­լու­թիւ­նը Թուր­քիա եւ ա­նոնց հան­դի­պու­մը թուրք լրագ­րող­նե­րու հետ, կազ­մա­կեր­պո­ւած էր Հ­րանդ Տին­քի ա­նո­ւան հիմ­նադ­րա­մին կող­մէ՝ «­Հայ-թրքա­կան երկ­խօ­սու­թեան ծրա­գիր»ի ծի­րէն ներս:

Ն­շենք, որ Ճան Տիւն­տար Հինգ­շաբ­թի՝ Նո­յեմ­բեր 26ին ձեր­բա­կա­լո­ւե­ցաւ։ Ան կրնայ ցմահ բան­տար­կու­թեան դա­տա­պար­տո­ւիլ, ե­թէ ա­պա­ցու­ցո­ւի ի­րեն դէմ ա­ռա­ջադ­րո­ւած մե­ղադ­րան­քը՝ «պե­տա­կան գաղտ­նիք­ներ հրա­պա­րա­կել, լրտե­սել եւ ա­հա­բեկ­չա­կան գաղտ­նի կա­ռոյ­ցի մը ան­դա­մակ­ցիլ»: