altԹր­քա­կան կոր­ծա­նիչ­նե­րու կող­մէ Քե­սա­պի մօ­տա­կայ թիւրք­մէն լեռ­նե­րուն մօտ հրթի­ռա­կո­ծո­ւած ռու­սա­կան ռազ­մօ­դա­նա­ւի ռուս օ­դա­չուն սպան­նող թիւրք­մէն զի­նեալ­նե­րու ղե­կա­վա­րը ազ­գու­թեամբ թուրք Ալ­փաս­լան Չէ­լիքն է։ Այս մա­սին կը հա­ղոր­դէ բրի­տա­նա­կան LiveLeak կայ­քէ­ջը։ «­Թուրք քա­ղա­քա­ցի Չէ­լիք ծնած է Խար­ բերդ նա­հան­գին մէջ։ Նոյն աղ­բիւ­րը կը հա­ղոր­դէ, որ Twitter ցան­ցով տա­րա­ծո­ւած լու­սան­կար­նե­րու մէջ Չէ­լիք իր զի­նա­կից­նե­րուն հետ նկա­րո­ւած է թրքա­կան ծայ­րա­յեղ ազ­գայ­նա­կան «­Գորշ Գայ­լեր» կազ­մա­կեր­պու­թեան խորհր­դա­նիշ գայ­լա­կերպ ձեռ­քի նշա­նով։ Ռու­սա­կան օ­դա­չո­ւի սպա­նու­թիւ­նը հա­ղոր­դող Ռոյ­թըրզ լրա­տու գոր­ծա­կա­լու­թեան հետ հար­ցազ­րոյ­ցի ըն­թաց­քին, Չէ­լիք կը հաս­տա­տէ, որ ինք եւ իր զի­նա­կից­նե­րը սպան­նած են ռուս օ­դա­չու գնդա­պետ Օ­լէկ Փէշ­քո­վը։

«­Գորշ Գայ­լեր» կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը Թուր­քիոյ մէջ 1970ա­կան եւ 1990ա­կան թո­ւա­կան­նե­րուն բազ­մա­թիւ քիւրտ եւ ա­լե­ւի քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­ներ ա­հա­բե­կած է։

LiveLeak Կայ­քէ­ջը կը հաս­տա­տէ, որ Լա­թա­քիոյ եւ շրջա­կայ տա­րածք­նե­րուն մէջ գոր­ծող թիւրք­մէն զի­նեալ խմբա­ւո­րում­նե­րուն մէջ ընդգր­կո­ւած են «­Գորշ Գայ­լեր» կազ­մա­կեր­պու­թեան զի­նեալ­նե­ր։