Այդ ոստիկաններէն վեցին ինքնութիւնը հաստատուած է փողոցներու եւ խանութներու հսկողութեան համար տեղադրուած տեսախցիկներով: Նշենք, որ քանի մը օր առաջ յստակացած է, թէ Պոլսոյ գլխաւոր դատախազութիւնը եւս նշած էր, որ Տինքի սպանութեան պահուն, այդ տարածքին մէջ եղած են յատուկ ծառայութիւններու աշխատակիցներ, որոնք հետեւած են Տինքի սպանութեան:
Տինքի սպանութիւնը իրականացած է վեց ոստիկաններու հսկողութեամբ
- Details
- Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան
Թրքական «Միլլիյէթ» թերթը գրած է, թէ «Ակօս» թերթի հիմնադիր Հրանդ Տինքի սպանութեան օրը եւ մինչեւ իսկ սպանութեան պահը, Տինքը սպաննելու հրահանգը գործադրած Օկիւն Սամասթի հետեւած են քաղաքացիական հագուստով վեց ոստիկաններ: