Ըստ ermenihaber.amի՝ թրքական «Hürriyet» պարբերականը կը հաղորդէ, որ «Human Rights Watch»ը հաշուետուութիւն հրապարակած է` հիմնուած Հոկտեմբերի երկրորդ կէսին ռմբակոծութիւններու եւ զինուած բախումներու պատճառով Թուրքիա փախած 51 սուրիացիի հետ հարցազրոյցներուն վրայ:
Ըստ նշեալ հաշուետուութեան` հարցազրոյցին մասնակցած բոլոր սուրիացիները Թուրքիա կրցած են մտնել միայն անօրինական ճամբով:
Հարցուածները նշած են, որ հարիւրաւոր սուրիացի կանայք, երեխաներ, տղամարդիկ հարկադրուած են սահմանը հատելու ապօրինի կերպով` գիշերը փորձելով յաղթահարել դժուարութիւններով լի ճամբան:
«Human Rights Watch»ի` փախստականներու գործերով մասնագէտ Կէրի Սիմփսըն թեմային վերաբերեալ հետեւեալ մեկնաբանութիւնը ըրած է.- «Սուրիոյ հետ սահմանը փակելու Թուրքիոյ քայլը սուրիական պատերազմի սարսափներէն փրկուիլ ցանկացող յղի կանանց, երեխաներուն, հիւանդներուն ու վիրաւորներուն, կը ստիպէ հիմա ալ փախչելու թուրք սահմանապահներու հալածանքէն: Մինչեւ այսօր Թուրքիա մեծահոգաբար հիւրընկալած է սուրիացի փախստականներն եւ իրաւունք ունի անվտանգութեան նկատառումներով վերահսկելու իր սահմանները: Սակայն ան պէտք չէ ստիպէ, որ փախստականները վերադառնան պատերազմի գօտի»: