Նոյեմբեր 1ին տեղի ունեցած Թուրքիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընտրուած երեսփոխանները Նոյեմբեր 17ին իրենց երդումը տուած են։ Արարողութեան ներկայ գտնուած է նախագահ Էրտողան։ Արարողութեան առընթեր, ըստ կանոններու՝ Էրտողան կառավարութիւն կազմելու պարտականութիւնը անգամ մը
եւս յանձնած է Ահմէտ Տաւութօղլուի, որ այս անգամ նոյնքան պիտի չդժուարանայ կառավարութիւն մը հիմնելու։ Երդումի արարողութեան ընթացքին պատահած է անսովոր միջադէպ մը։ Քիւրտ երեսփոխանուհի Լէյլա Զանա, նախքան իր երդումի պատճէնը կարդալը, Էրտողանին նայելով՝ քրտերէնով «պատուաւոր եւ երկարատեւ խաղաղութիւն» հաստատելու կոչ կատարած է, ապա սկսած կարդալու երդումը, ուր գիտակցաբար, «թուրք ժողովուրդը» ասութեան փոխարէն՝ արտասանած է «Թուրքիոյ ժողովուրդը»։ Նիստին նախագահը առարկած ու ըսած է, որ երդումի պատճէնը պէտք է կարդացուի նոյնութեամբ, ուստի՝ Զանայի երդումը անընդունելի է: Ան Զանան հրաւիրած է կրկին ամպիոն գալու եւ երդումը կրկնելու՝ ճիշդ ձեւով, բայց վերջինս մերժած ու սրահէն դուրս ելած է։ Այժմ, Զանայի երդումը անվաւեր կը նկատուի։ Ան կրնայ այլ նիստի մը ընթացքին երդում ընել, այլապէս՝ պիտի կորսնցնէ Խորհրդարանի նիստերուն մասնակցելու, օրինագիծեր առաջարկելու, քուէարկութեան մասնակցելու նման օրէնսդրական իրաւունքները, թէեւ պիտի շարունակէ ստանալ երեսփոխանական ամսաթոշակ։ Նշենք, որ Զանա երդումի արարողութեան ընթացքին քրտերէն խօսած էր նաեւ 24 տարի առաջ, որմէ ետք իր դէմ սկսած հալածանքը զինք բանտ առաջնորդած էր: