Կար­միր Խա­չի Մի­ջազ­գա­յին Կո­մի­տէի (Կ.Խ.Մ.Կ.) հո­վա­նիին տակ վե­րա­դար­ձո­ւած է հայ զի­նո­ւո­րը, որ ըն­թա­ցիկ տարուան Մարտ 22ին հա­տած էր ղա­րա­բա­ղեան-ատր­պէյ­ճա­նա­կան շփման գի­ծը:
«Ար­ցախփ­րես»ի թղթա­կի­ցին հետ զրոյ­ցի ըն­թաց­քին, Կ.Խ.Մ.Կ. Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի ա­ռա­քե­լու­թեան տե­ղե­կա­տո­ւու­թեան բաժ­նի աշ­խա­տա­կից Է­թե­րի Մու­սա­յե­լեան նշած է, որ ռազ­մա­գե­րիին

վե­րա­դար­ձը տե­ղի ու­նե­ցած է շփման գի­ծին վրայ` Պաշ Քար­վեանդ գիւ­ղին մօտ:

«Ա­զա­տազրկ­ման ըն­թաց­քում, Կ.Խ.Մ.Կ.ն պար­բե­րա­բար այ­ցե­լել է ռազ­մա­գե­րուն` դի­տար­կե­լու կա­լա­նա­ւոր­ման պայ­ման­նե­րը, նրա հետ վե­րա­բեր­մուն­քը եւ ա­պա­հո­վե­լու կա­պը ըն­տա­նի­քի հետ: Գոր­ծե­լով որ­պէս չէ­զոք միջ­նորդ եւ իր ման­դա­տի (լիա­զօ­րու­թիւն­նե­րուն) հա­մա­ձայն՝ Կ.Խ.Մ.Կ.ն­ ա­ջակ­ցել է այս գոր­ծո­ղու­թեա­նը՝ հիմ­նո­ւե­լով Ատր­պէյ­ճա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րի վե­րա­դար­ձի ո­րոշ­ման վրայ եւ լիար­ժէք հա­մա­գոր­ծակ­ցե­լով բո­լոր կող­մե­րի հետ»,- ը­սած է Է. Մու­սա­յե­լեան եւ ա­ւել­ցու­ցած, որ մին­չեւ վե­րա­դար­ձը՝ ռազ­մա­գե­րին հա­ւաս­տիա­ցու­ցած էր Կ.Խ.Մ.Կ.ի աշ­խա­տա­կից­նե­րուն, թէ կը վե­րա­դառ­նայ իր յօ­ժար կամ­քով:

Է. Մու­սա­յե­լեա­նի խօս­քով` հիմ­նո­ւե­լով Ժը­նե­ւեան հա­մա­ձայ­նա­գի­րով սահ­մա­նո­ւած իր լիա­զօ­րու­թեան վրայ` Կ.Խ.Մ.Կ.ն Ղա­րա­բա­ղեան Հա­կա­մար­տու­թեան հետ կա­պո­ւած տա­րա­ծաշր­ջա­նին մէջ կը գոր­ծէ 1992 թո­ւա­կա­նէն ի վեր: