­Նո­յեմ­բեր 20-21ին, «Ոչն­չա­ցո­ւած քա­ղա­քակր­թու­թիւն. ոչ-մահ­մե­տա­կան­նե­րու ու­նե­ցո­ւած­քը օս­մա­նեան շրջա­նի վեր­ջը եւ ­Հան­րա­պե­տա­կան շրջա­նի սկիզ­բը» խո­րա­գի­րով, գի­տա­ժո­ղով մը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ ­Պոլ­սոյ մէջ: Ըստ «Agos» թեր­թի կայ­քին` գի­տա­ժո­ղո­վը կազ­մա­կեր­պո­ւած է Հ­րանդ ­Տին­քի հիմ­նադ­րա­մի, ­Պո­ղա­զի­չի հա­մալ­սա­րա­նի պատ­մու­թեան բա­ժան­մուն­քի, ­Սա­պան­ճըի եւ ­Պիլ­կի հա­մալ­սա­րան­նե­րու հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ:

­Գի­տա­ժո­ղո­վը, ո­րուն կը մաս­նակ­ցին գիտ­նա­կան­ներ ինչ­պէս ­Թուր­քիա­յէն, այն­պէս ալ ար­տա­սահ­մա­նէն, պի­տի ի­րա­կա­նա­ցո­ւի ե­րեք լե­զո­ւով` հա­յե­րէն, թուր­քե­րէն եւ անգ­լե­րէն:

­Ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին պի­տի քննար­կո­ւին այն­պի­սի թե­մա­ներ, ինչ­պէս՝ 1914-1924 թո­ւա­կան­նե­րուն եւ­րո­պա­կան դրա­մագ­լու­խը ներ­կա­յաց­նող ոչ-մահ­մե­տա­կան ա­ռեւտ­րա­կան­նե­րը, 1915ին եւ ան­կէ ետք ոչ-մահ­մե­տա­կան­նե­րու ու­նե­ցո­ւած­քի բռնագ­րաւ­ման եւ բա­ժան­ման գոր­ծո­ղու­թեանց քա­ղա­քա­կան, մշա­կու­թա­յին եւ տնտե­սա­կան հե­տե­ւանք­նե­րը, ոչ-մահ­մե­տա­կան­նե­րու կող­մէ հիմ­նադ­րո­ւած ա­ռեւտ­րա­կան ձեռ­նար­կու­թիւն­նե­րու պատ­մու­թիւ­նը, ոչ-մահ­մե­տա­կան ձեռ­նար­կա­տէ­րե­րու ստանձ­նած բա­րե­գոր­ծա­կան պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րը՝ օս­մա­նեան քա­ղաք­նե­րու նկատ­մամբ, Ա­նա­տո­լիա­յէն դէ­պի խո­շոր քա­ղաք­ներ ձեռ­նար­կա­տէ­րե­րու գաղ­թը, ոչ-մահ­մե­տա­կան ա­ռեւտ­րա­կան­նե­րու եւ կրօ­նա­կան հա­մայնք­նե­րու յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը: