altԹուր­քիոյ համ­շե­նա­հայ կա­նայք հրա­պա­րա­կաւ ի­րենց ա­ջակ­ցու­թիւ­նը ար­տա­յայ­տած են քիւր­տե­րու կող­մէ յայ­տա­րա­րո­ւած ինք­նա­վա­րու­թեան: Պոլսոյ մէջ գոր­ծող համ­շե­նա­հայ­կա­կան ՀԱՏԻԿ միու­թեան ան­դամ Է­լիֆ Ալ­թուն­քա­յեան ի­րենց հետ զրոյ­ցի ըն­թաց­քին նշած է, որ Սու­րի, Ճիզ­րէի, Սի­լո­ւա­նի, Վար­թո­յի եւ այլ քա­ղաք­նե­րու մէջ հռչա­կո­ւած ինք­նա­վա­րու­թեան կա­րի­քը ա­մե­նա­շա­տը կը զգան սեւ­ծո­վեան ժո­ղո­վուրդ­նե­րը եւ ը­սած.- «­Ծո­վի զա­ւակ­ներն ու լե­րան զա­ւակ­նե­րը, ձեռք-ձեռ­քի տո­ւած պայ­քա­րե­լով, պէտք է տէր կանգ­նին ինք­նա­վա­րու­թեան»:

Թուր­քիոյ Ա­րե­ւե­լա­սեւ­ծո­վեան շրջա­նին մէջ կը փոր­ձեն ոչն­չաց­նել համ­շե­նա­հա­յե­րու լե­զուն, մշա­կոյ­թը, գե­տերն ու եայ­լա­նե­րը: Է­լիֆ Ալ­թուն­քա­յեան ընդգ­ծած է, որ այդ պատ­ճա­ռով ինք­նա­վա­րու­թիւ­նը յար­մար ղե­կա­վար­ման ձեւ պի­տի ըլ­լայ ա­ռա­ւե­լա­պէս ի­րենց բնու­թեան ու լե­զո­ւին տէր կանգ­նած սեւ­ծո­վեան ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն:

Է­լի­ֆը նաեւ յայտ­նե­լով, որ իր մայ­րե­նի լե­զուն ու մշա­կոյ­թը սկսած է յայտ­նա­գոր­ծել հա­մալ­սա­րա­նա­կան տա­րի­նե­րուն, շեշ­տած է նաեւ, թէ ին­քը ազ­դո­ւած է քիւրտ ժո­ղո­վուր­դի ա­զա­տու­թեան հա­մար մղած պայ­քա­րէն:

Համ­շե­նա­հայ կի­նը նաեւ ը­սած է.- «Քր­տա­խօս ըն­կեր­ներս կը պայ­քա­րէին ի­րենց մայ­րե­նի լե­զո­ւի հա­մար: Մեր տունն ալ այլ լե­զո­ւով կը խօ­սէին: Մենք նախ այդ լե­զուն սոր­ված ենք. ին­չո՞ւ ա­նի­կա կրթու­թեան լե­զու չըլ­լայ մե­զի հա­մար»: Է­լի­ֆը նշե­լով, որ այ­նու­հե­տեւ Պոլսոյ մէջ բա­ցո­ւած է ՀԱՏԻԿ համ­շե­նա­հայ­կա­կան միու­թիւ­նը (ա­նի­կա բա­ցո­ւած է 2011 թ.- Ա­կուն­քի խմբ.), յայտ­նած է.- «­Քիւր­տե­րը ցոյց տո­ւին ինք­նա­կազ­մա­կերպ­ման նշա­նա­կու­թիւ­նը»: Նաեւ շեշ­տե­լով, որ 1915 թ. Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ա­հա­բեկ­ման քա­ղա­քա­կա­նու­թեան հե­տե­ւանք­նե­րը զգա­լի ե­ղած են նաեւ համ­շե­նա­հայ քա­ղա­քա­ցի­նե­րու վրայ, ան նշած է.- «­Համ­շե­նա­հա­յե­րէ­նը հա­յե­րէ­նի բար­բառ­նե­րէն մէկն է, եւ հա­յե­րը են­թար­կո­ւած են կո­տո­րա­ծի: Ար­դէն իսկ եր­կար տա­րի­ներ այդ ուղ­ղու­թեամբ ո­րե­ւէ պայ­քար չէ ե­ղած: Սա­կայն քիւր­տե­րու պա­հանջ­ներն ու պայ­քա­րը բո­լոր ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն ցոյց տուին, թէ որ­քան կա­րե­ւոր է ինք­նա­կազ­մա­կեր­պու­մը: Ներ­կա­յիս Սեւ­ծո­վեան շրջա­նը կը թա­լա­նո­ւի` ա­ռանց հա­շո­ւի առ­նո­ւե­լու այն­տե­ղի ժո­ղո­վուրդ­նե­րը: Հ.Ե.Կ.ե­րու ծրագիրները, թէ­յի վրայ տրո­ւած քո­ւէ­նե­րը ցոյց կու տան տո­ւեալ շրջա­նի ա­մէն մէկ բնա­կի­չի կեն­սա­պայ­ման­նե­րու բար­դա­ցու­մը: Այ­սինքն` ինք­նա­վա­րու­թեան կա­րի­քը ա­մե­նա­շա­տը մենք ու­նինք: Համ­շեն­ցի քա­ղա­քա­ցի­նե­րու լե­զո­ւի, մշա­կոյ­թի եւ բնու­թեան պահ­պան­ման միակ ու­ղին ինք­նա­վա­րու­թիւնն է»: