­Ներ­կա­յի Թուր­քիոյ սահ­ման­նե­րէն ներս, հա­յոց միջ­նա­դա­րեան մայ­րա­քա­ղաք Ա­նիի ա­ւե­րակ­նե­րէն քա­նի մը քի­լո­մեթր հե­ռա­ւո­րու­թեան վրայ գտնո­ւող հայ­կա­կան Բագ­նայ­րի վանքն ու ե­կե­ղե­ցին տե­ղա­ցի­նե­րը իբ­րեւ ա­խոռ կը գոր­ծա­ծեն։

Քր­տա­կան «DIHA» գոր­ծա­կա­լու­թեան թղթա­կի­ցը այ­ցե­լած է Կարս նա­հան­գի Գոզ­լու­ճա գիւ­ղը գտնուող եւ կի­սա­ւեր վի­ճա­կի հա­սած Բագ­նայր վանքն ու ե­կե­ղե­ցին, որ 989 թուա­կա­նին կա­ռու­ցո­ւած է Վահ­րամ Պահ­լա­ւու­նիի կող­մէ: Քիւրտ թղթա­կի­ցը զար­ման­քով յայտ­նած է, թէ վան­քը պե­տա­կան պահ­պա­նու­թեան տակ չէ առ­նո­ւած տա­կա­ւին, իսկ գիւ­ղա­ցի­նե­րը զայն իբ­րեւ ա­խոռ կը գոր­ծա­ծեն։

Գիւ­ղա­ցի­նե­րը նաեւ վան­քի քա­րե­րը օգ­տա­գոր­ծած են ի­րենց տու­նե­րը, ա­խոռ­ներն ու ցան­կա­պատ­նե­րը կա­ռու­ցե­լու հա­մար:

Թղ­թա­կի­ցի հետ զրոյ­ցի ըն­թաց­քին, գիւ­ղա­ցի­նե­րը փոր­ձած են ար­դա­րա­նալ՝ ը­սե­լով, որ ե­թէ պե­տու­թիւ­նը կա­րո­ղու­թիւն չու­նի պահ­պա­նե­լու ե­կե­ղե­ցին, ա­պա ի­րենք ինչ­պէ՞ս պի­տի կա­րե­նան պահ­պա­նել զայն:

Բագ­նայր կը նշա­նա­կէ «կրա­կին նո­ւի­րո­ւած բա­գին­նե­րու քա­րայր»։ 1040ա­կան թո­ւա­կան­նե­րուն, վան­քը այդ շրջա­նի կրօ­նա­կան կա­րե­ւոր կեդ­րոն­նե­րէն մէկն էր, իսկ 13րդ դա­րուն ան­ցաւ թուրք ցե­ղա­խում­բե­րու ձեռ­քը ու ա­պա լքո­ւե­ցաւ։ Ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին այդ վան­քը սկսաւ քան­դո­ւե­լու։