«Յա­ջորդ դա­տէն եւս մեծ յոյ­սեր չու­նիմ»,- «Ա­րե­ւելք»ին ը­սած է ­Թուր­քիոյ բա­նա­կին մէջ ծա­ռա­յու­թեան ըն­թաց­քին, 24 Ապ­րիլ 2011ին սպան­նո­ւած ­Սե­ւակ ­Պա­լըք­ճիի մայ­րը՝ Ա­նի ­Պա­լըք­ճի։ Ան նաեւ ը­սած է, որ ­Սե­ւա­կի սպա­նու­թեան գոր­ծը քննող դա­տա­կան յա­ջորդ նիս­տը պի­տի կա­յա­նայ ­Դեկ­տեմ­բեր 22ին, մինչ ­Սե­ւա­կը սպան­նած զի­նո­ւո­րը՝ ­Քո­ւանճ Ա­ղաօղ­լուն, կը շա­րու­նա­կէ բան­տէն դուրս մնալ։ Ա­նի ­Պա­լըք­ճի յայտ­նած է, որ ­Թուր­քիոյ մէջ ­Սե­ւա­կի սպա­նու­թեան դա­տա­կան գոր­ծի ա­ւար­տին պի­տի դի­մեն ­Մարդ­կա­յին Ի­րա­ւանց եւ­րո­պա­կան ­Դա­տա­րան, ո­րով­հե­տեւ «­Թուր­քիոյ մէջ ար­դա­րու­թիւն չկայ»: Ն­շենք, որ Ա­ղաօղ­լու կարճ ժա­մա­նակ մը բանտ մնա­լէ ետք ա­զատ ար­ձա­կո­ւած էր: Ա­նի ­Պա­լըք­ճի նաեւ անդ­րա­դար­ձած է ­Պոլ­սոյ մէջ տար­բեր ա­ռիթ­նե­րով հա­կա­հայ ցոյ­ցե­րուն եւ ա­րարք­նե­րուն՝ նշե­լով, որ հայ հա­մայն­քի ան­դամ­նե­րը մտա­հոգ են ընդ­հա­նուր ի­րա­վի­ճա­կով: «­Շատ ան­գամ կը խոր­հիմ, թէ դժո­ւար չէ, որ ան­ցեա­լի պատ­մու­թիւ­նը կրկնո­ւի: Ա­մէ­նէն տխու­րը եւ մտա­հո­գիչն այն է, որ այս դառն փոր­ձա­ռու­թիւն­նե­րէն ետք, հա­յու­թիւ­նը հոս եւս կը մնայ մաս­նա­տո­ւած եւ բա­ժան-բա­ժան»,- եզ­րա­կա­ցու­ցած է ան: