Ատրպէյճանի մէջ Կիրակի օր կայացած խորհրդարանական ընտրութիւններուն յաղթած է իշխող «Ենի Ազերպայճան» («Նոր Ատրպէյճան») կուսակցութիւնը:
Անկախ թեկնածուները յաջողած են ընտրութիւններուն յաղթել 42 շրջաններու մէջ: «Քաղաքացիական համերաշխութիւն» կուսակցութենէն ընտրուած է 2 թեկնածու, իսկ 10 այլ կուսակցութիւններէ` մէկական: Ըստ նախնական տուեալներու` ընտրութիւնններուն մասնակցութիւնը կազմած է 55,7 տոկոս: Քուէարկութեան մասնակցած է աւելի քան 2.9 միլիոն ընտրող: Խորհրդարանի 125 տեղերուն համար պայքարած են 767 թեկնածուներ: Ընտրութիւններուն մասնակցած են 15 կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ, եւս 7 քաղաքական ուժեր միաւորուած են «Ազատլըգ-2015» («Ազատութիւն-2015») միաւորման մէջ: