­altԵ­րէկ հա­կա­կա­ռա­վա­րա­կան կար­գա­խօս­ներ բա­ցա­գան­չող հա­զա­րա­ւոր ցու­ցա­րար­ներ հա­ւա­քո­ւե­ցան Ան­գա­րա­յի մէջ Շա­բաթ օր տե­ղի ու­նե­ցած ա­կա­նա­հար­ման վայ­րին մէջ` սգա­լով զո­հե­րը:

­Շա­բաթ օր եր­կու ան­ձեր անձ­նաս­պա­նա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն մը կա­տա­րե­ցին քրտա­մէտ եւ ձա­խա­կող­մեան գոր­ծիչ­նե­րու` Ան­գա­րա­յի գնաց­քի գլխա­ւոր կա­յա­րա­նին մօտ, Ք.Ա.Կ.ի եւ ­Թուր­քիոյ բա­

նա­կին մի­ջեւ բա­խում­նե­րուն դէմ բո­ղո­քի ցոյ­ցի մը դէմ:

Քր­տա­մէտ ­Ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան կու­սակ­ցու­թիւ­նը, ո­րուն հա­մա­կիր­նե­րը ­Թուր­քիոյ խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րէն ե­րեք շա­բաթ ա­ռաջ տե­ղի ու­նե­ցած ցոյ­ցին մէջ տի­րա­կան ներ­կա­յու­թիւն էին, յայտ­նեց, որ ոս­տի­կա­նու­թիւ­նը յար­ձա­կում գոր­ծած է իր ղե­կա­վար­նե­րուն ու ան­դամ­նե­րուն դէմ, երբ ա­նոնք փոր­ձած են դէպ­քին վայ­րը ծաղ­կեպ­սակ­ներ զե­տե­ղել: Ար­ձա­նագ­րո­ւած են վի­րա­ւոր­ներ:

Քր­տա­մէտ կու­սակ­ցու­թիւ­նը նաեւ նշեց, որ Շա­բաթ օ­րո­ւան ա­կա­նա­հար­ման զո­հե­րուն թի­ւը բարձ­րա­ցած է 122ի: ­Թուր­քիոյ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը հեր­քեց դէպ­քին ո­րե­ւէ մեղ­սակ­ցու­թիւն: ­Թուր­քիոյ վար­չա­պետ Ահ­մեթ ­Տա­ւու­թօղ­լու յայտ­նեց, որ յան­ցա­գոր­ծը կրնայ ՏԱՀԵՇը, Ք.Ա.Կ.ը կամ ծայ­րա­յեղ ձա­խա­կող­մեան ար­մա­տա­կան­ներ ըլ­լալ: Թր­քա­կան ա­պա­հո­վա­կան մար­մին­նե­րէն պաշ­տօ­նա­տար­ներ «­Ռոյ­թըրզ» լրա­տու գոր­ծա­կա­լու­թեան յայտ­նե­ցին, որ ըստ նախ­նա­կան տո­ւեալ­նե­րու, ա­կա­նա­հա­րու­մը ՏԱՀԵՇի գործն է: «­Հիւր­րի­յէթ Տէյ­լի Նիուզ» կը նշէ, որ ո­մանք ակ­նար­կած են, որ դէպ­քին պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը կրնան քիւր­տե­րու յա­ւե­լեալ ի­րա­ւունք­նե­րու պար­գեւ­ման ընդ­դի­մա­ցող ազ­գայ­նա­կան­ներ ըլ­լալ: ­Տա­ւու­թօղ­լու երկ­րին մէջ ե­ռօ­րեայ սուգ յայ­տա­րա­րեց: